Հայաստանը Իրանի Հետ Երկու Շաբաթով Կը Դադրեցնէ Ցամաքային Հաղորդակցութիւնը

Հայաստան

Քորոնա ժահրի կանխարգիլման յանձնաժողովի նիստին որոշում առնուած է երկու շաբաթով  դադրեցնել Իրանի հետ ցամաքային հաղորդակղութիւնը։ Այս մասին ֆէյսպուքի իր էջին վրայ գրած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը։

Նիստին որոշուած է․

  1. Երկու շաբաթով դադրեցնել ցամաքային հաղորդակցութիւնը Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան հետ:
  2. Օդային հաղորդակցութեան նկատմամբ կիրառել ոչ ամբողջական սահմանափակումներ:
  3. Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան հետ բեռնափոխադրումները իրականացնել առանց սահմանափակումներու, կիրառելով վարորդներու նկատմամբ յատուկ հսկողութիւն։
  4. Որեւէ սահմանափակում չկիրառել Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան քաղաքացիներու` հայրենիք վերադառնալու համար:
  5. Երկու շաբաթուան ընթացքին բարեկամ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան կառավարութեան հետ ըլլալ սերտ հաղորդակցութեան մէջ, ամբողջացնել տեղեկութիւնները Իրանի մէջ Քորոնա ժահրի տարածման ծաւալներու վերաբերեալ` յետագայ ընելիքները ճշգրտելու համար:
  6. Կառավարութիւնը քիչ անց հեռակայ նիստով պիտի կայացնէ համապատասխան որոշումը, որ ուժի մէջ կը մտնէ հրապարակման պահէն:

Հարկ կը համարեմ արձանագրել, որ Հայաստանի մէջ Քորոնա ժահրով վարակուած չկայ եւ յոյս ունիմ` չունենանք: Հայաստանը ունի բոլոր անհրաժեշտ տեխնիկական եւ մասնագիտական աղբիւրները Քորոնա վարակի ճշգրիտ ախտորոշման համար: