Երեւանի Մէջ Սկիզբ Առաւ ՀՅԴ Հայ Դատի Յանձնախումբերու եւ Գրասենեակներու Խորհրդաժողովը

Հայաստան

Այսօր՝ Փետրուար 24-ին, Երեւանի մէջ սկիզբ առաւ ՀՅ Դաշնակցութեան Հայ Դատի յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու խորհրդաժողովը, որուն կը մասնակցին աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ գործող Հայ Դատի աւելի քան 20 յանձնախումբերէն եւ գրասենեակներէն, ինչպէս նաեւ ՀՅԴ կուսակցական մարմիններէն մօտ 50 ներկայացուցիչներ:

Համաժողովի օրակարգն է Հայ Դատի յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու աշխատանքներու բոլոր ոլորտները` Արցախի հիմնախնդիրէն մինչեւ Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչում, հատուցումներ, Թուրքիա-Ատրպէյճան հակահայ պայքար:

Փետրուար 25-ին խորհրդաժողովը պիտի շարունակուի Ստեփանակերտի, Արցախի Ազգային Ժողովի նիստերու դահլիճին մէջ: Աշխարհի բազմաթիւ անկիւններու մէջ գործող Դաշնակցութեան Հայ դատի յանձնախումբերը կարեւորագոյն դերակատարութիւնը ունին տարբեր ազգային, նահանգային մակարդակներու մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան հարցի արծարծման, Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու սերտացման աշխատանքներուն մէջ:

Յանձնախումբերու բուռն գործունէութեան արդիւնքով ԱՄՆ որոշ նահանգներու, Աւստրալիոյ եւ շարք մը այլ երկիրներու մէջ ճանչցուած է Արցախի անկախութիւնը: