Ազատագրուած Են Հալէպի Եւ Իտլիպի Քանի Մը Տասնեակ Գիւղերը, Բլուրներն Ու Աւանները. Սուրիական Բանակի Հրամանատարութիւն

Աշխարհ

Կիրակի, 9 Փետրուար 2020-ին, սուրիական բանակը անցնող քանի մը օրերուն ընթացքին ազատագրած է Իտլիպի եւ Հալէպի նահանգներուն պատկանող աւելի քան 600 քառակուսի քմ. աշխարհագրական տարածք եւ իր վերահսկողութիւնը հաստատած է քանի մը տասնեակ գիւղերու, աւաններու եւ բլուրներու վրայ։ Այս մասին կը հաղորդէ «Գանձասար»-ը՝ վկայակոչելով Սուրիական բանակի հրամանատարութիւնը։

Հրամանատարութիւնը յայտնած է, որ յիշեալ տարածքին վրայ կայք հաստատած ահաբեկիչներ տսրիներէ ի վեր սպանութեան եւ քանդումի ամէնէն զազրալի ոճիրները կը գործէին, խաղաղ բնակչութեան կեանքին սպառնալով։

Հրամանատարութեան համաձայն, երէկ առաւօտ Հալէպի արեւմտեան շրջանները ամբողջութեամբ ազատագրած սուրիական բանակի միաւորները, շարունակելով իրենց յառաջխաղացքը հանդիպած են Իտլիպի արեւելեան կողմը ազատագրող ու յառաջացող բանակի միաւորներուն։

Հրամանատարութիւնը վերահաստատած է իր պատրաստակամութիւնը վերականգնելու ժողովուրդին արժանապատիւ ու խաղաղ կեանքը եւ ազատագրելու Սուրիոյ ամբողջական տարածքը ահաբեկիչներէն եւ զինուորական ապօրինի ուժերէն։