Ձիւնի Հսկայական Զանգուածի Տակ Մնալու Պատճառով Երեք Զինծառայող Զոհուած է

Հայաստան

ՀՀ Սիւնիքի մարզի N զօրամասի պահպանութեան տեղամասի տարածքին մէջ, Փետրուար 7-ին, ժամը 16:50-ի սահմաններուն, ձիւնի հսկայական զանգուածի տակ մնացած է չորս պայմանագրային զինծառայող:

ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան տեղեկութիւններով՝ ձեռնարկուած որոնողական-փրկարարական աշխատանքներուն իբրեւ արդիւնք յայտնաբերուած են ձիւնահիւսի տակ մնացած պայմանագրային զինծառայողներ, շարքային Կարապետ Սեդրակի Նազարեանի (1991-ի ծնունդ), կրտսեր քսանապետ Տիգրան Արմէնի Արզումանեանի (1994-ի ծնունդ) եւ կրտսեր քսանապետ Նուեր Տիգրանի Շահբազեանի (1995-ի ծնունդ) դիերը:

Պայմանագրային զինծառայող, շարքային Համլէթ Գրենիկի Միրզոյեանը (1998-ի ծնունդ) հնարաւոր եղած է դուրս հանել ձիւնահիւսին տակէն: Յայտնաբերուած զինծառայողը ստացած է մարմնական թեթեւ վնասուածքներ, առողջական վիճակը կը գնահատուի բաւարար:

Դէպքի հանգամանքները պարզելու նպատակով կը կատարուի քննութիւն:

ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութիւնը խորին ցաւակցութիւն կը յայտնէ շարքային Կարապետ Նազարեանի, կրտսեր քսանապետ Տիգրան Արզումանեանի եւ կրտսեր քսանապետ Նուեր Շահբազեանի ընտանիքներու անդամներուն, հարազատներուն եւ ծառայակիցներուն: