Սուրիոյ Սարաքէպի Մարտերուն Ընթացքին Հայ Զինուոր Մը Նահատակուած է

Աշխարհ, Սփիւռք

Չորեքշաբթի, 5 Փետրուարին, Սարաքէպի գիւղերուն մէջ սուրիական բանակին մղած մարտներուն ընթացքին նահատակուած է 1988-ի ծնունդ հայ զինուոր Ժան Գաթանճեանը։

«Գանձասար»-ի տեղեկութիւններով՝ նահատակ զինուորին յուղարկաւորութիւնը տեղի պիտի ունենայ Հալէպի հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ, Հինգշաբթի, 6 Փետրուար 2020-ի յետմիջօրէի ժամը 1:00-ին։

Ցաւակցութիւնները պիտի ընդունուին հանգուցեալին տան մէջ, Նոր Գիւղ։