Պոլսոյ Մէջ Լոյս Տեսած է Հայ Պատմաբանի «Մութ Մնացած Գործիչ Մը՝ Երիտթուրք Կոմունիստ Սալիհ Զեքին (Գուշարգովը)» Վերնագիրով Գիրքը

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Պոլսոյ մէջ, Թուրքիոյ հասարակական եւ պատմական ուսումնասիրութիւններու հիմնադրամին կողմէ, տպագրուած է հայ պատմաբան, պատմական գիտութիւններու դոկտոր, փրոֆ․ Արսէն Աւագեանի «Մութ մնացած գործիչ մը՝ երիտթուրք կոմունիստ Սալիհ Զեքին (Գուշարգովը)» մենագրութիւնը։ Այս մասին կը հաղորդէ Akunq.net-ը՝ վկայակոչելով հիմնադրամի կայքէջին վրայ հրապարակուած տեղեկութիւնը։

Աղբիւրին համաձայն՝ սոյն գիրքին մէջ Արսէն Աւագեան կ՝անդրադառնայ ոչ միայն Թուրքիոյ մէջ կոմունիստական շարժման պատմութեան, այլ նաեւ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան իրագործման մէջ էական դեր ունեցած Սալիհ Զեքիին։ Յիշեցնենք, որ վերջինս Մեծ Եղեռնի տարիներուն եղած է Տէր Զօր սանճաքի մարզի կառավարիչը։ Յետագային Սալիհ Զեքին դարձած է Թուրքիոյ կոմունիստական կազմակերպութեան հիմնադիր ղեկավարը։

Մենագրութեան շնորհիւ առաջին անգամ գիտական շրջանառութեան մէջ կը դրուին Օսմանեան վարչապետարանի արխիւի եւ Ռուսիոյ պետական քաղաքական եւ հասարակական պատմութեան արխիւի այն փաստաթուղթերը, որոնց մէջ ներկայացուած են Սալիհ Զեքիի ծննդեան եւ մահուան իրական տարեթիւերը, ինչպէս նաեւ՝ անոր անձին վերաբերող այլ էական մանրամասներ։

Հեղինակը այս արժէքաւոր ուսումնասիրութեան միջոցով էական ներդրում կը կատարէ Հայոց Ցեղասպանութեան պատմութեան եւ Թուրքիոյ Հանրապետութեան հիմնադրման գործընթացին մասին ուսումնասիրութիւններու մէջ։