Կլենտէյլի Մէջ Վահան Զանոյեանի Նոր Հատորը Պիտի Ներկայացուի

Սփիւռք

Հինգշաբթի, 20 Փետրուարին, երեկոյեան ժամը 7։30-էն սկսեալ, «Ապրիլ» գրատան մէջ տեղի պիտի ունենայ հեղինակ Վահան Զանոյեանի անգլերէն նոր հատորին՝ Waking Noah՛s Vines («Նոյի Որթատունկերուն Զարթնեցում») ներկայացումը։ Հեղինակը պիտի ներկայացնէ «Արփա» հիմնարկի նախագահ դոկտ. Յակոբ Փանոսեան։ Այս մասին կը հաղորդէ «Ասպարէզ»-ը։

Հայաստանի նուիրուած հատորը երեւակայական պատմութիւնն է Հայաստանի մէջ գինեգործութան 6000ամեայ աւանդութիւնը վերկանգնելու յոյսերով աշխարհի տարբեր անկիւններէ եկած խումբ մը հայ եւ օտար գինեգործներու, մասնագէտներու եւ առետրականներու եւ անոնց հետ կապ ունեցող ոճիրի մը ծալքերը բացայայտելուն։

Բանաստեղծ եւ արձակ գործերու հեղինակ Վահան Զանոյեան հանգստեան կոչուած, ուժանիւթի մասնագէտ է, որ իր գիրքերուն միջոցաւ լուսարձակի տակ առած է Հայաստանի մէջ մարմնավաճառութեան եւ մարդոց մաքսանենգութեան հարցերը։ Անոր հրատարակած հատորներեն են՝ «Վերադարձ», «Եզրէն Դուրս» եւ «Հեռաւոր Մի Տեղ»։

Ներկայացման մուտքը ազատ է եւ տեղի պիտի ունենայ հիւրասիրութիւն։

«Ապրիլ» գրատան հասցէն է՝ 415 E. Broadway, Glendale, CA 91205:

Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար՝ հեռաձայնել (818) 243-4112 թիւով  կամ դիմել՝ noor@abrilbooks.com հասցէին։