
ԵԽ-ի Մէջ Տեղի Ունեցած է Պաքուի Հայերու Ջարդերու Տարելիցին Նուիրուած Խորհրդաժողով
Եւրոպական խորհրդարանի պատգամաւոր Գոսդաս Մաւրիտես, Փետրուար 5-ին, հիւրընկալած է «Մոռցուած փախստականները. ի՞նչ պատահեցաւ Պաքուի հայերուն հետ» խորհրդաժողովը: Խորհրդաժողովը համատեղ կազմակերպած էին ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակը եւ ԵՄ-ի մէջ ՀՀ առաքելութիւնը:
ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակի տեղեկութիւնները վկայակոչելով՝ Armenpress.am-ը կը նշէ, թէ խորհրդաժողովի բանախօսներն էին Բրիտանիոյ Լորտերու պալատի նախկին փոխխօսնակ, իր մարդասիրական գործունէութեամբ յայտնի պարոնուհի Քերոլայն Քոքսը, ամերիկահայ գրող, իրաւաբան եւ իրաւապաշտպան Աննա Աստուածատուրեան- Թերքոթը եւ Պրիւքսէլի բաց համալսարանի դասախօս, թարգմանիչ Դաւիթ Պապաեւը: Վերջին երկու բանախօսները վերապրած են Պաքուի հայերու ջարդերը:
Խորհրդաժողովին ներկայ էին Եւրոպական խորհրդարանի պատգամաւորներ, պատգամաւորներու խորհրդականներ, ուսանողներ, քաղաքացիական հասարակութեան եւ ԵՄ-ի մէջ շարք մը երկիրներու առաքելութիւններու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ Պաքուի հայերու ջարդերը վերապրած Պելճիքայի քաղաքացիներ:
Խորհրդաժողովի բացման իր խօսքին մէջ, Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեան ողջունած է ներկաները՝ մեծապէս կարեւոր համարելով Պաքուի հայերու ջարդերուն նուիրուած խորհրդաժողովին կազմակերպումը եւրոպական ժողովրդավարութեան կեդրոնէն ներս:
«Եւրոպական խորհրդարանը 1990 թուականի իր բանաձեւերուն մէջ միանշանակօրէն դատապարտած է Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ կազմակերպուած Սումգայիթի, Կիրովապատի եւ Պաքուի հայերու ջարդերը»,- յիշեցուցած է Կարապետեան:
Եւրոպական խորհրդարանի անդամ Գոսդաս Մաւրիտեսը յայտարարած է, որ որոշած է հիւրընկալել խորհրդաժողովը նաեւ այն պատճառով, որ ինքն ալ կը կիսէ փախստականներու ճակատագիրը. Փոքր տարիքէն իր ընտանիքն ալ ստիպուած եղած է փախուստի դիմել՝ 1974 թուականին Թուրքիոյ կողմէ Հիւսիսային Կիպրոսի գրաւման ժամանակ: Պատգամաւորը շեշտած է, որ յիշատակելը վրէժխնդրութիւն չի նշանակեր, բայց միեւնոյն ժամանակ մոռացութեան մատնելն ալ աններելի է, քանի որ անիկա նոր յանցագործութիւններու կը մղէ:
Եւրոպական միութեան մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան առաքելութեան ղեկավար Ն.Գ. դեսպան Թաթուլ Մարգարեան յիշեցուցած է, որ Ատրպէյճանի մէջ հայերու կոտորածները Եւրոպայի մէջ առաջին զանգուածային սպանութիւններն ու ցեղապաշտական զտումներն էին:
Իրենց վկայութիւններուն մէջ Աստուածատուրեան եւ Պապաեւ ներկայացուցած են ողբերգական օրերու իրենց յիշողութիւնները: «Մենք ամիսներով թաքնուած էինք մեր բնակարանին մէջ՝ յուսալով, որ հայերու դէմ բռնութիւնը պիտի դադրի: Բայց անիկա չդադրեցաւ: Մենք ամէն ինչ ձգեցինք ու փախուստի դիմեցինք: Ձեւով մը փրկուեցանք ու կենդանի մնացինք: Մեր հարեւաններէն ու բարեկամներէն շատերը մեր նման բախտաւոր չեղան»,- նշած է Աստուածատուրեան: Պապաեւ, իր հերթին, շեշտած է, որ Սումգայիթի ու Պաքուի ջարդերուն համար պարարտ հող նախապատրաստուած էր: «Այդ վայրագութիւնները՝ բռնութիւնը, ահաբեկումը, բռնաբարութիւնները, սպանութիւնները, մարդոց կենդանի այրելը, պէտք չէ անպատիժ մնան»,- ընդգծած է ան:
Պարոնուհի Քերոլայն Քոքս նշած է, որ Հայոց Ցեղասպանութիւնը շարունակուած է Պաքուի, Սումգայիթի եւ Արցախի մէջ, եւ անիկա պէտք է ճանչցուի՝ անպատժելիութեան վերջ դնելու համար:
Բանախօսները նաեւ նշած են, որ Ատրպէյճանի իշխանութիւնները երկրին մէջ իբրեւ պետական քաղաքականութիւն կը շարունակեն համակարգուած կերպով հայատեացութիւն սերմանել եւ տարածել, որուն ականատեսը եղած են նաեւ Պաքուի ջարդերուն զոհերը: Եզրափակելով՝ բանախօսները շեշտած են Եւրոպական միութեան կարեւոր դերը իբրեւ երկխօսութիւնը, խաղաղութիւնը եւ մարդու իրաւունքները խթանող կարեւոր «փափուկ ուժ»:
Բանախօսութիւններէն ետք տեղի ունեցած է հարց ու պատասխան, եւ խորհրդաժողովի մասնակիցները, ներառեալ ատրպէյճանցիները, հնարաւորութիւն ունեցած են իրենց հարցերը ուղղելու բանախօսներուն: