Հայաստանի Մէջ Տեղի Պիտի Ունենայ «Մեծ Գործարար Կամուրջ» Համաշխարհային Համաժողովը

Այլեւայլ, Աշխարհ, Հայաստան

ՀՀ տնտեսութեան նախարարի տեղակալ Նայիրա Մարգարեան հանդիպում ունեցած է Կառավարման խորհրդատուական հիմնարկներու միջազգային խորհուրդի (ICMCI – International Council of Management Consulting Institutes) հայաստանեան անդամ կառոյցի՝  Կառավարման խորհրդատւութեան Հայաստանի հիմնարկի (IMC Armenia) տնօրէն Սիլվա Մեսրոպեանի հետ։ Այս մասին կը յայտնեն ՀՀ տնտեսութեան նախարարութեան տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն:

Հանդիպման նպատակն էր քննարկել Մայիսին Հայաստանի մէջ կայանալիք՝ «Մեծ գործարար կամուրջ» խորագիրը կրող համաշխարհային համաժողովի կազմակերպչական աշխատանքներուն եւ համատեղ իրականացուող գործողութիւններուն ընթացքը։

ՀՀ տնտեսութեան նախարարութիւնը, իբրեւ ձեռնարկի պաշտօնական գործընկեր, կարեւոր կը համարէ խորհրդատուական հիմնարկի զարգացումը Հայաստանի մէջ։ «Մեր առաջնահերթութիւններու ծիրէն ներս գործարարութեան զարգացման համար նպաստաւոր բնա-համակարգի ստեղծումը, որուն կարեւորագոյն բաղադրիչներէն է որակեալ ու արդիական խորհրդատուական ծառայութիւններու առկայութիւնը: Մենք դեռ բաւական աշխատանք ունինք իրականացնելու այս ուղղութեամբ՝ միջազգային փորձը, համատեղ նախագիծերն ու այլ երկիրներու մէջ մեր գործընկերներու կողմէ ներկայացուող  գործիքակազմին ծանօթանալը թերեւս շուկան զարգացնելու լաւագոյն միջոցներէն են»,- նշած է նախարարի տեղակալ Նայիրա Մարգարեան:

Համաժողովին իրականացումը Հայաստանի մէջ նպատակ ունի խթանելու հայաստանեան խորհրդատուական ծառայութիւններու շուկան՝ հնարաւորութիւն ընձեռելով խորհրդատուական դաշտի եւ գործարար միջավայրի ներակացուցիչներուն առաւել մանրամասն ծանօթանալու փոխգործակցութեան հնարաւորութիւններուն, միջազգային փորձին ու զարգացումներուն։

Համաժողովին ծիրէն ներս տեղի պիտի ունենայ Ասիական Խաղաղովկիանոսեան հանգոյցի երկիրներու փորձագէտներու հանդիպումը (Asia Pacific Hub Meeting), որ մաս կը կազմէ ICMCI-ի անդամ տարածաշրջանի երկիրներու տարեկան ձեռնարկներուն։

ICMCI-ի անդամ երկիրներն են Աւստրիան, Աւստրալիան, Գերմանիան, Իտալիան, Ճափոնը, Քորէան, Նիտըրլանտները, Ռուսիան, ԱՄՆ-ն, Չինաստանը, Շուէտը, Զուիցերիան, եւ այլ երկիրներ:

Կառավարման խորհրդատուական հիմնարկներու միջազգային խորհուրդի վերաբերեալ մանրամասն տեղեկատւութիւնը հասանելի է հետեւեալ յղումով՝ https://www.cmc-global.org ։

Կառավարման Խորհրդատւութեան Հայաստանի Հիմնարկին վերաբերեալ տեղեկատւութիւնը տե՛ս հիմնարկի պաշտօնական կայքին մէջ՝ www.imc-armenia.org։