Վենետիկի Յանձնաժողովի Նախագահը Սահմանադրական Դատարանին Շուրջ Ստեղծուած Տագնապին Գծով Զսպուածութեան Կոչ Կ՛ուղղէ

Աշխարհ, Հայաստան

Վենետիկի յանձնաժողովի նախագահ Ճիանի Պուքիքիոն յայտարարութիւն տարածած է Հայաստանի Սահմանադրական դատարանին շուրջ ստեղծուած իրավիճակին առնչութեամբ` ընդգծելով դատաւորներու կանուխ կենսաթոշակի անցնելու կամաւորութեան սկզբունքի պահպանումը: Ան կոչ ուղղած է թեթեւցնելու լարուածութիւնն ու խնդիրը լուծելու զսպուածութեան եւ փոխադարձ յարգանքի մթնոլորտի մէջ:

«Իբրեւ շարունակութիւն 29 հոկտեմբեր 2019-ի իմ յայտարարութեանս` ես մտահոգուած կը մնամ Հայաստանի Սահմանադրական դատարանին շուրջ բաց հակամարտութեամբ: Կը կիսեմ այս առումով Եւրոպական խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) համազեկուցողներու մտահոգութիւնները: Կ՛ուզեմ կրկին անդրադառնալ այն առաջարկներուն, որ կատարուած են Վենետիկի յանձնաժողովի տեսակէտով, որ հրապարակուած է հոկտեմբեր 2019-ին, որուն մէջ կ՛ըսուի, թէ Սահմանադրական դատարանին մէջ վաղաժամ կենսաթոշակի անցնելու սկզբունքը պէտք է իսկապէս ըլլայ կամաւոր եւ  բացառէ որեւէ քաղաքական կամ անձնական ճնշում դատաւորներուն վրայ, եւ պիտի իրականացուի այնպէս, որ ազդեցութիւն չունենայ առկայ  գործերու արդիւնքին վրայ:

Վերջին շրջանի հրապարակային յայտարարութիւններն ու գործողութիւնները չեն համապատասխաներ այդ չափանիշներուն եւ չեն կրնար օժանդակել լարուածութեան մեղմացման:

Ժողովրդավարական մշակոյթն ու հասունութիւնը կը պահանջեն կառուցակարգային զսպուածութիւն, բարեխղճութիւն եւ փոխադարձ յարգանք` պետական հաստատութիւններուն միջեւ:

Կրկին կոչ կ՛ուղղեմ բոլոր կողմերուն ցուցաբերելու զսպուածութիւն եւ մեղմացնելու լարուածութիւնը այդ մտահոգիչ իրավիճակին մէջ` Հայաստանի Սահմանադրութեան բնականոն գործողութիւնը ապահովելու համար», նշած է Պուքիքիոն: