Հայկական Պատուիրակութիւնը ԵԽԽՎ-ի Մէջ Պաքուի Ջարդերուն Վերաբերեալ Գրաւոր Յայտարարութիւն Տարածած է

Աշխարհ, Հայաստան

Հայկական պատուիրակութիւնը Եւրոպայի խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովին ընթացքին տարածած է Պաքուի մէջ հայերու ջարդերուն վերաբերեալ գրաւոր յայտարարութիւն, որուն միացած են (ստորագրած են) ԵԽԽՎ շարք մը  պատգամաւորներ՝ տարբեր երկիրներէ եւ տարբեր քաղաքական խումբերէ:

Պաքուի հայ բնակչութեան զանգուածային ջարդերու 30-րդ տարելիցին նուիրուած ԵԽԽՎ-ի հայկական պատուիրակութեան յայտարարութեան մէջ նշուած է.

«Մենք, ներքոստորագրեալներս, կը յայտարարենք.

1990 Յունուար 13-19 Ատրպէյճանի ԽՍՀ-ի Պաքուի մէջ ապրող հարիւր հազարաւոր հայեր ենթարկուեցան զանգուածային ջարդերու, հայ բնակչութեան դէմ եղան կազմակերպուած յարձակումներ, որոնք Ատրպէյճանի քաղաքականութեան դրսեւորումն էին: Հարիւրաւոր հայեր սպաննուեցին, խեղանդամուեցան, հետապնդուեցան եւ տեղահանուեցան: Ոչնչացման սպառնալիքի ներքոյ շուրջ 250,000 հայ ստիպուած եղաւ փախուստի դիմելու Ատրպէյճանէն:

Պաքուի ջարդերը դարձան հայերու հանդէպ ցեղապաշտութեան եւ այլատեացութեան (հայատեացութեան) պետական քաղաքականութեան գագաթնակէտը: Հակառակ միջազգային հանրութեան, մարդու իրաւունքներով զբաղող միջազգային կազմակերպութիւններու եւ Եւրոխորհրդարանի (1988, 1990, 1991թթ. բանաձեւերու) արձանագրած փաստերուն՝ Ատրպէյճանի իշխանութիւնները կը հերքեն այս յանցագործութիւնները, կը խուսափին պատասխանատւութենէ: Այդ վայրագութիւններէն 30 տարի անց չկայ յարգանք եւ կարեկցանք Ատրպէյճանի մէջ հայկական ջարդերու զոհերուն հանդէպ: Այն ատրպէյճանցիները, որոնք փորձեցին խօսիլ ջարդերուն մասին, պաշտօնապէս կը համարուին դաւաճաններ:

Այս կապակցութեամբ, մենք՝

– կ՝ոգեկոչենք Պաքուի ջարդերու զոհերուն յիշատակը,

– կը դատապարտենք ցեղապաշտութեան եւ այլատեացութեան ցանկացած դրսեւորում,

– կը վերահաստատենք, որ մարդկութեան հանդէպ գործած յանցագործութիւնները վաղեմութեան ժամկէտ չունին եւ կը շեշտենք, որ նախապէս գործած յանցագործութիւններու դատապարտումը ամենակարեւոր երաշխիքն է նոր յանցագործութիւնները կանխելու համար,

– կը դատապարտենք, որ ջարդերու կազմակերպիչները եւ հրահրողները դեռ պատասխանատւութեան չեն ենթարկուած»: