
Թեհրանի «Ակունք» Կեդրոնի Նկարչութեան Ցուցահանդէս-վաճառք (լուսանկարներ)
Հինգշաբթի, 30 Յունուարին, բարձր հովանաւորութեամբ Թեհրանի թեմի առաջնորդ գերշ. Տ Սեպուհ Ս. արք. Սարգսեանի, տեղի ունեցաւ մարմնամտային խանգարումներով հայ երեխաներու օժանդակող «Ակունք» կեդրոնի նկարչութեան ցուցահանդէս-վաճառքի բացման հանդիսութիւնը, Հ. Ուս. «Չհարմահալ» միութեան սրահին մէջ:
Alikonline.ir-ի տեղեկութիւններով՝ բացման ծրագիրին ներկայ էր թեմակալ առաջնորդը, որուն կ՝ընկերակցէր Թ. Հ. Թ. Թեմական խորհուրդի ատենապետ՝ ճրտգ. Նորայր Արամեան:
Սրբազան Հայրը գնահատեց կեդրոնի սաներու, ինչպէս նաեւ տնօրինութեան ու աշխատակազմի գործունէութիւնը, նմանատիպ ձեռնարկ կազմակերպելու համար:
2020 թուականը՝ Վեհափառ Հայրապետի տնօրինումով՝ կոչուած է «Յատուկ խնամքի կարօտ հայորդիներու տարի»: «Ակունք» կեդրոնը միշտ եղած է համայնքի ազգայիններու, բարերարներու եւ բոլոր հայրենակիցներու ուշադրութեան առարկան ու տարբեր ձեռնարկներով՝ կեդրոնը վայելած է անոնց բարիացակամ մօտեցումը, սակայն նոր տարեշրջանին պէտքէ յատուկ ուշադրութիւն դարձնել կեդրոնի կազմակերպուելիք ծրագիրներուն ու հնարաւորինս ձեռնարկել որպէսզի կեդրոնը լաւագոյն կերպ կարենայ իրականացնել իր նախատեսած ծրագիրները։