
Անթիլիասի Մէջ Տեղի Ունեցաւ Միջազգային Միջեկեղեցական Համագումարին
Յունուար 31-էն Փետրուար 2 Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ տեղի ունեցաւ միջազգային միջեկեղեցական համագումարը, նախագահութեամբ Արամ Ա. վեհափառին եւ մասնակցութեամբ 30 աստուածաբաններու եւ միջեկեղեցական շարժումի փորձագէտներու՝ Հարաւային Քորէայէն, Ինտոնեզիայէն, Հնդկաստանէն, Յորդանանէն, Քենիայէն, Կանայէն, Պուրունտիէն, Ռուսիայէն, Զուիցերիայէն, Վատիկանէն, Շուէտէն, Ֆինլանտայէն, Գանատայէն, Միացեալ Նահանգներէն եւ Լիբանանէն։
Երեք օրերու վրայ տարածուած համագումարին նպատակն էր միջ-եկեղեցական շարժումին համար նոր տեսլական մը զարգացնել՝ համահունչ ներկայ ժամանակներու եւ եկեղեցիներու դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն:
Երեք օրեր շարունակ յիշեալ թեմային շուրջ երկար տարիներու միջ-եկեղեցական ծառայութիւն ունեցող 30 անձեր քննարկեցին համագումարին թեման, Նորին Սրբութեան տուած դասախօսութեան, ինչպէս նաեւ եկեղեցիներու ու շրջանային խորհուրդներու մօտեցումները պարզող տրուած զեկոյցներու լոյսին տակ: Ապա, միջ-եկեղեցական շարժումին ապագային նկատմամբ իր տեակէտները ներկայացուց Եկեղեցւոյ Համաշխարհային Խորհուրդի նախկին ընդհանուր քարտուղար Դոկտ. Ք. Րայզըրը:
Համագումարին յայտարարութիւնը պատրաստող յանձնախումբը ներկայացուց ընդհանուր ուրուագիծ մը, որ երկար քննարկումէ յետոյ որդեգրուեցաւ: Նկատի ունենալով կատրուելիք յայտարարութեան յոյժ կարեւոր բնոյթը, որոշուեցաւ զայն պատրաստել ու հրապարակել յառաջիկայ երկու շաբաթներու ընթացքին: Համագումարը իր ջերմ շնորհակալութիւնը յայտնեց Վեհափառ Հայարապետին միջ-եկեղեցական պատմութեան այս վճռական հանգրուանին իր կողմէ առնուած այս կարեւոր քայլին համար եւ առաջարկեց, որ յառաջիկային եւս նման նախաձեռնութիւններու դիմէ Հայրապետը, նկատի ունենալով իր հարուստ փորձառութինը եւ միջ-եկեղեցական շարժումի կենսական կարեւորութիւնը ներկայ աշխարհին մէջ: