Հայոց Լեզուի եւ Մշակոյթի Ամառնային Խտացեալ Դասընթացք

Սփիւռք

Վե­նե­տի­կի Պո-Ա­րաքս Մ­շա­կու­թա­յին Ըն­կե­րակ­ցու­թեան, Վե­նե­տի­կի “STUDIUM MARCIANUM” Հաս­տա­տու­թեան հետ գոր­ծակ­ցա­բար, կազ­մա­կեր­պած Հայոց Լե­զո­ւի եւ Մ­շա­կոյ­թի ա­մառ­նա­յին խտա­ցեալ դա­սըն­թաց­քը տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ Օ­գոս­տոս 3-19:

Քն­նու­թիւն­նե­րը` Օ­գոս­տոս 19ին: Ժա­մա­նում` Օ­գոս­տոս 2-ին, մեկ­նում` Օ­գոս­տոս 20-ին: Դի­մու­մի ժամ­կէտ՝ Յու­նիս 15։

Դա­սըն­թաց­քը ու­նի չորս մա­կար­դակ` բա­ցար­ձակ սկսնակ­նե­րէ մին­չեւ յա­ռա­ջա­դէմ­ներ:

Դա­սե­րը տե­ղի կ’ու­նե­նան Եր­կու­շաբ­թիէն Շա­բաթ, օ­րը հինգ պահ` ա­ռա­ւօ­տեան: Դա­սըն­թաց­քի տե­ւո­ղու­թիւ­նը ու­սու­ցո­ղա­կան 65 ժա­մով կը սահ­մա­նո­ւի: Դա­սե­րու ներ­կա­յու­թիւ­նը ՊԱՐՏԱԴԻՐ է: Մաս­նակ­ցու­թեան հա­մար պա­հան­ջո­ւած նո­ւա­զա­գոյն տա­րիքն է 18:

Դի­մում­նե­րը պէտք է կա­տա­րո­ւին ԱՆՁԱՄԲ եւ ԳՐԱՒՈՐ, նշե­լով միշտ ՀԵՌԱԽՕՍԻ թիւ մը եւ ԵԼԳՐԱՅԻՆ (EM) հաս­ցէ մը: Դա­սըն­թաց­քին զու­գա­հեռ տե­ղի պի­տի ու­նե­նան մշա­կու­թա­յին այ­լե­ւայլ ձեռ­նարկ­ներ։ ՓԱՓԱՔՈՂՆԵՐՈՒՆ, կէ­սօ­րէ վեր­ջե­րը, ՁՐԻԱԲԱՐ ՊԻՏԻ ԱՒԱՆԴՈՒԻՆ նաեւ՝ ՏՈՒՏՈՒԿԻ ԵՒ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՊԱՐԵՐՈՒ ԴԱՍԵՐ:

Ար­ձա­նագ­րու­թեան սակն է` 850 € կամ հա­մա­պա­տաս­խա­նը՝ տա­րար­ժոյ­թով ըստ օ­րո­ւան սա­կին: Այս գու­մա­րին 600 Եւ­րո­յի բա­ժի­նը պետք է վճարուի կան­խաւ` մին­չեւ Մարտ 31: Այս կան­խավ­ճա­րը պէտք է կա­տա­րո­ւի դա­սըն­թաց­քի ըն­դու­նո­ւե­լէն սկսեալ 15 օ­րո­ւան ըն­թաց­քին, այ­լա­պէս չ­՛ե­րաշ­խա­ւորուիր ար­ձա­նագ­րու­թեան եւ սեն­կեա­կի ա­պա­հո­վու­մը։ 31 Մար­տէն վերջ, իբ­րեւ կան­խավ­ճար, պէտք է ղրկո­ւի 990 Եւ­րօ մին­չեւ ՅՈՒՆԻ­Սի 15, որ ար­ձա­նագ­րու­թեան հա­մար վեր­ջին պայ­մա­նա­ժամն է: Ար­ձա­նագ­րու­թեան մնա­ցեալ մա­սը ՊԷՏՔ Է ՎՃԱՐՈՒԻ ԱՆՊԱՅՄԱՆ ՄՈՒՏՔԻ ՕՐԸ: ՎԱՐԿԱԹՂԹԱՅԻՆ վճար (Credit card) չ’ըն­դու­նո­ւիր: 10% զեղչ մը կը կա­տա­րո­ւի ա­նոնց` ո­րոնք նա­խա­պէս լաւ ար­դիւն­քով մաս­նակ­ցած են դա­սըն­թաց­քին, գո­նէ եր­կու ան­գամ: Նոյն զեղ­չը կը կա­տա­րո­ւի նաեւ միա­սին յա­ճա­խող մօ­տիկ ազ­գա­կան­նե­րէն մե­կուն (ծնողք, քոյր, եղ­բայր, կո­ղա­կից): ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԵԱՆ ՍԱԿԸ Ո՛Չ ՄԷԿ ՊԱՐԱԳԱՅԻ ԿԸ ՓՈԽՈՒԻ ԵՒ ԿԱՏԱՐՈՒԱԾ ՎՃԱՐՈՒՄԸ ՈՐԵՒԷ ՊԱՏՃԱՌՈՎ ՉԻ ՎԵՐԱԴԱՐՁՈՒԻՐ:

Դ­րա­մատ­նա­յին փո­խան­ցու­մով (bank transfer) վճա­րե­լու հա­մար, գրան­ցում կա­տա­րե­լէ վերջ՝ քար­տու­ղա­րա­կան կազ­մը պի­տի ղրկէ Ըն­կե­րակ­ցու­թեան դրա­մատ­նա­յին հա­շո­ւի հար­կա­ւոր տե­ղե­կու­թիւն­նե­րը (հա­շո­ւի թիւ, IBAN եւն.): Դ­րա­մատ­նա­յին բո­լոր ծախ­սե­րը դի­մո­ղին կը պատ­կա­նին:

Կ­’ըն­ձե­ռո­ւի բնա­կու­թեան հնա­րա­ւո­րու­թիւն` Վե­նե­տի­կի պատ­մա­կան կեդ­րո­նին մէջ, օժ­տո­ւած` խո­հա­նո­ցա­յին յար­մա­րու­թիւն­նե­րով: Օ­գոս­տոս 2-19 ներա­ռեալ՝ ամ­բողջ շրջա­նին հա­մար, բնա­կու­թեան սակն է`
* 1090 €­ ա­ռան­ձին սե­նեա­կի հա­մար
* 990 €­ անձ գլուխ եր­կու հո­գի­նոց փոքր յար­կա­բա­ժի­նի հա­մար
Եր­կու պա­րա­գա­յին ալ՝ լո­գա­րա­նա­յին եւ զո­վա­սարք­չա­յին յար­մա­րու­թիւն­նե­րով օժ­տո­ւած:

Եր­կու հո­գի­նոց փոքր յար­կա­բա­ժի­նի մէջ ա­մէն յար­մա­րու­թեամբ օժ­տո­ւած փոքր խո­հա­նոց կը գտնո­ւի։ Այս գու­մա­րին մէջ կը մտնէ նաեւ Վե­նե­տի­կի զբօ­սաշր­ջիկ­նե­րէն պա­հան­ջո­ւած բնա­կու­թեան տուր­քը ըստ Վե­նե­տի­կի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նի օ­րէն­քին։

Բ­նա­կու­թեան վճա­րը, տո­ւեալ ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին ըն­թաց­քին, են­թա­կայ չէ օ­րա­կան հա­շո­ւար­կու­մի: Ա­նոնք որ կը խոր­հին նշեալ թո­ւա­կան­նե­րէն ա­ւե­լի ա­ռաջ ժա­մա­նել կամ յե­տոյ մեկ­նիլ, պէտք է ի­րենք հո­գան ի­րենց բնա­կու­թեան յար­մա­րու­թիւ­նը այդ օ­րե­րուն հա­մար:

Յա­ւե­լեալ ՏԵՂԵԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ հա­մար ել-գիր մը ու­ղար­կել հե­տե­ւեալ հաս­ցէին՝ info@padus-araxes.com; ի հար­կին կա­րե­լի է նաեւ դի­մել՝ benedettacon@gmail.com կամ հե­ռա­ձայ­նել նաեւ What’s Appով բջի­ջայ­նի հե­տե­ւեալ թի­ւին՝ +39.379.1330687, Եր­կու­շաբ­թի եւ Հինգ­շաբ­թի ա­ռա­ւօտ­նե­րը ժա­մը 10:30-13:00 (ԻՏԱԼԻՈՅ ԺԱՄՈՎ): Ե­թէ կա­րե­լի չըլ­լայ ան­մի­ջա­պէս կապ հաս­տա­տել, կարճ ահ­ղոր­դում մը ղրկել վե­րո­յի­շեալ թի­ւիմ։

Լաւ ստու­գել եր­կիր­նե­րու մի­ջեւ ժա­մե­րու տար­բե­րու­թիւ­նը: