
Արաբական Ծոցի Երկիրներու Եկեղեցիներու Հաղորդակցութեան Տարեկան Համաժողովը
Արաբական Ծոցի Եկեղեցիներու Հաղորդակցութիւնը հիմնուած է 2012 թուականին։ Անոր գլխաւոր նպատակն է ի մի համախմբել տարածաշրջանի բոլոր եկեղեղեցիները որոնք պետական ճանաչում եւ արտօնութիւն ունին։ Եւ այս իմաստով՝ անոր կառոյցը հիմնուած է հինգ հիմնական եկեղեցական համայքներու եւ ընտանիքներու համախմբումով։ Ուղղափառ՝ Արեւելեան եւ Արեւմտեան բաժիններով՝ Կաթողիկէ, Աւետարանական եւ Եպիսկոպոսական-Անկլիքան։ Հաղորդակցութիւնը իւրաքանչիւր տարի կ՚ունենայ իր տարեկան հաւաք-հանդիպումը՝ուր առիթը կ՚ունենան արծարծելու շատ մը գործունէութիւններ,մտահոգութիւն
Այս տարի հաւաքը տեղի ունեցաւ Յունուար 28-29, 2020, Քուէյթի մէջ՝ ուր Յոյն Ուղղափառ եկեղեցին հիւրընկալեց աւելի քան երեսուն եկեղեցական առաջնորդներ Ծոցի տարբեր երկիրներէ։ Յայտագիրը ընդգրկեց հաղորդակցութեան տարբեր գործունէութիւններու տեղեկագիր, եկեղեցական կեանքի մասին մանրամասնութիւններ ինչպէս նաեւ յատուկ աղօթք մատուցուեցաւ շրջանի եւ աշխարհի խաղաղութեան համար։
Հայկական ներկայութիւնը միշտ ալ եղած է աշխուժ այս հաղորդակցութեան մէջ։ Այս տարուայ տարեժողով-հաւաքին իրենց մասնակցութիւնը բերին՝Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու եւ Քաթարի Հայոց Թեմի առաջնորդ՝Գերշ.Տ. Մեսրոպ Եպս. Սարգիսեանը, Քուէյթի իւ շրջակայից Հայոց Թեմի առաջնորդ՝կաթողիկոսական Փոխանորդ՝Հոգշ.Տ.Պետրոս Վրդ. Մանուէլեան եւ հոգեւոր հովիւ՝Արժ.Տ.Արտակ Ա.Քհնյ.Քէհեայեան եւ Արաբական Ծոցի Աստուածաշունչի Ընկերութեան Ընդհանուր Քարտուղար՝Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան։
Հաղորդակցութիւնը ունի նաեւ իր կեդրոնական վարչական ժողովը։ 2020 տարեշրջանի համար՝կեդրոնական ժողովի ատենապետ ընտրուեցաւ Գերշ. Տ. Մեսրոպ Եպս.Սարգիսեանը։
Յիշեցնենք նաեւ՝որ Հաղորդակցութեան ծրագիր-կանոնագրի պատրաստութեան մէջ իր կարեւոր բաժինը եւ մասնակցութիւնը բերած է Դոկտ. Հրայր ճէպէճեան՝2012 թուականին երբ առաջին անգամ հիմնուեցաւ։
