Եկատերինա Սագելարոփուլու Յունաստանի Նախագահ Ընտրուած է

Աշխարհ

Յունաստանի խորհրդարանը, Յունուար 22-ին, երկրի նախագահ ընտրած է Եկատերինա Սագելարոփուլուն: Այս մասին կը հաղորդէ TASS  լրատու գործակալութիւնը։ 63-ամեայ Սագելարոփուլուն առաջին կինն է, որ բարձրագոյն պետական պաշտօնի կը հասնի երկրի պատմութեան մէջ։

Անոր թեկնածութիւնը ներկայացուցած Յունաստանի վարչապետ Քիրիաքոս Միցոթագիսը կը վկայէ, թէ Սագելարոփուլուն բացառիկ իրաւաբան է միջազգային գործերու գծով, դատական աշխատող` Գերագոյն դատարանի փայլուն ասպարէզով, որ դարձած է անոր առաջին կին նախագահը։