Հայաստանի Եւ Արցախի Պատգամաւորները Պաքուի Մէջ Հայերու Ջարդերը Դատապարտող Յայտարարութիւն Ընդունած Են

Հայաստան

Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի Հանրապետութեան խորհրդարաններու պատգամաւորները ընդունած են միացեալ յայտարարութիւն, որուն մէջ դատապարտած են 30 տարի առաջ Ազրպէյճանի մայրաքաղաք Պաքուի մէջ կազմակերպուած եւ իրականացած հայերու  ջարդերը: 18 յունուարին յայտարարութիւնը միաձայնութեամբ ընդունուած է Հայաստանի Ազգային ժողովին մէջ կազմակերպուած` Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովներուն միջեւ համագործակցութեան միջխորհրդարանական յանձնախումբի` Պաքուի ջարդերու 30-րդ տարելիցին նուիրուած միացեալ յատուկ նիստի աւարտին:

Յայտարարութեան բնագիրը կը ներկայացնենք ամբողջութեամբ.

«1990 Յունուար 13-19 Ազրպէյճանի մայրաքաղաք Պաքուի մէջ պետական իշխանութիւններու իմացութեամբ եւ թոյլադրութեամբ իրագործուած է հայ բնակչութեան համակարգուած եւ զանգուածային կոտորած: Ազգային հողի վրայ իրականացուած բռնութիւններուն զոհ դարձած են հարիւրաւոր հայեր: Թալանի եւ բռնագրաւման ենթարկուած է հայերու ունեցուածքը: Ֆիզիքական ոչնչացման անմիջական սպառնալիքի տակ Պաքուի աւելի քան քառորդ միլիոն տեղահանուած հայութիւնը, որպէս փախստական, բնակութիւն հաստատած է աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ: Հայերու զանգուածային կոտորածը Պաքուի մէջ, արդիւնք է դեռ 20-րդ դարասկիզբին կովկասեան թաթարական ծայրայեղական ուժերու, եւ հետագային Ատրպէյճանի իշխանութիւններու կողմէ սանձազերծուած, եւ ցայսօր շարունակուող հայերու նկատմամբ ցեղային խտրականութեան լայնածաւալ քաղաքականութեան, որ յանգեցուցած է Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածքներու մէջ հայ ազգաբնակչութեան կտրուկ նուազման, իսկ 1980-ական թուականներու աւարտին նոր թափ առնելով, կենսական վտանգի արդիւնքով Պաքուի եւ ատրպէյճանական խորհրդային այլ բնակավայրերու հայ բնակչութեան վերացման:

Արձանագրելով, որ հակառակ միջազգային հանրութեան եւ իրաւապաշտպան կազմակերպութիւններու կողմէ արձանագրուած փաստերու, Ատրպէյճանի իշխանութիւնները մինչ օրս կը ժխտեն իրենց ցեղասպան գործունէութիւնները, կը նենգափոխեն իրողութիւնները եւ կը խուսափին պատասխանատւութենէն:

Ընդգծելով, որ Ատրպէյճանի մէջ մինչ օրս շարունակուող պաշտօնական հայատեաց քաղաքականութիւնը եւ ատոր պարունակին մէջ իրականացուած այս եւ այլ յանցագործութիւնները, Սումգայիթի եւ Կիրովապատի ջարդեր, Արցախի` Ատրպէյճանի բռնագրումին տակ յայտնուած Մարաղա գիւղի հայ բնակչութեան կոտորած, 2016-ի ապրիլեան պատերազմի ժամանակ ատրպէյճանական զինուած ուժերու  կողմէ իրականացած ռազմական գործողութիւններ Արցախի քաղաքացիական բնակչութեան եւ գերեվարուած զինուորներու նկատմամբ, հայկական մշակութային ժառանգութեան հետեւողական վերացումը, ինչպէս նաեւ Արցախի` ներկայիս Ատրպէյճանի ռնագրաւումի տակ գտնուող տարածքներուի հայաթափումը կը վկայեն, որ Ատրպէյճանի իշխանութիւնները մտադրութիւն ունին իրենց վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածքներու մէջ հայերը եւ անոնց գոյութեան բոլոր հետքերը բնաջնջելու:

Հիմք ընդունելով «Ցեղասպանութեան յանցագործութիւնը կանխարգիլելու եւ պատժելու մասին» համաձայնագրին մէջ, «Մարդու իրաւունքներու համընդհանուր հռչակագիր”ին մէջ, «Ցեղային խտրականութեան բոլոր ձեւերու վերացման մասին» միջազգային համաձայնագրին մէջ, «Քաղաքացիական եւ քաղաքական իրաւունքներու մասին» միջազգային դաշնագրին, եւ մարդու իրաւունքներու ու հիմնարար ազատութիւններու պաշտպանութեան վերաբերող միջազգային այլ փաստաթղթերու մէջ ամրագրուած սկզբունքները, որոնք նաեւ ամրագրուած են բոլոր ժողովրդավարական պետութիւններու ներպետական օրէնսդրութիւններու մէջ, Հայաստան-Արցախ միջխորհրդարանական յանձնաժողովը սոյն թուականի Յունուար 18-ի համատեղ նիստի արդիւնքներով կ՛ոգեկոչէ 30 տարի առաջ Պաքուի մէջ զոհուած մեր հայրենակիցներուն յիշատակը, եւ կը բարձրաձայնէ հայ բնակչութեան կորուստներու արդարացի հատուցման իրաւաչափութիւնը եւ արդիականութիւնը: Կը դատապարտէ ատրպէյճանական հանրապետութեան մէջ շարունակուող պետական հայատեաց քաղաքականութիւնը: Անընդունելի կը համարէ այլատեացութեան, ծայրայեղականութեան եւ ահաբեկչութեան ցանկացած դրսեւորում:

Կը վերահաստատէ, որ մարդկութեան դէմ յանցագործութիւնները չունին վաղեմութեան ժամկէտ, եւ կ՛ընդգծէ, որ անցեալին կատարուած յանցագործութիւններու դատապարտումը նոր յանցագործութիւններու կանխարգիլման կարեւորագոյն գրաւականն է: Կոչ կ՛ընէ խորհրդարաններուն եւ խորհրդարանական վեհաժողովներուն, միջազգային կազմակերպութիւններուն, իրաւապաշտպան կառոյցներուն` դատապարտելու Սումգայիթի, Կիրովապատի (Գանձակ), Պաքուի հայ բնակչութեան նկատմամբ Ատրպէյճանի կողմէ իրականացուած ոճրագործութիւնները, եւ միջազգային մարդասիրական իրաւունքի խախտումները, որոնք սպառնալիք են ո՛չ միայն հայ ժողովուրդին, այլեւ ողջ տարածաշրջանի անվտանգութեան, կայունութեան եւ զարգացման համար, գործուն քայլեր ձեռնարկելու անոննց կանխարգիլման ուղղութեամբ:

Կը վերահաստատէ, որ Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութիւնները, հանդիսանալով իր հայրենիքին մէջ հայ ժողովուրդի խաղաղ կենսագործունէութեան երաշխաւորները, պահանջատէր են հայերու նկատմամբ տեղի ունեցած ոճրագործութիւններու դատապարտման եւ անոնց զոհերուն ու իրաւայաջորդներուն արդարացի հատուցում տրամադրելու համար»: