Հայկական Անցագիրը Աշխարհի Ամէնէն Գրաւիչներու Ցանկին Վրայ 81-րդն Է

Այլեւայլ, Հայաստան

Henley & Partners զուիցերական ընկերութիւնը թարմացուցած է անցագիրներու գրաւչութեան վարկանիշը: Ըստ «Ռիա Նովոսթի»-ին՝ ցանկին նոր տարբերակը հրապարակուած է ընկերութեան կայքին վրայ:

“Փանորամա”-ի փոխանցմամբ՝ Հայաստան ցանկին վրայ կը գրաւէ 81-րդ դիրքը: Հայկական անցագիրը առանց մուտքի արտօնագիրի առիթ կու տայ մուտք գործելու 62 երկիրներ:

Վարկանշային աղիւսակին մէջ Վրաստան 53-րդ հորիզոնականին վրայ է, անոր քաղաքացիները կրնան առանց վիզայի այցելել 116 երկիրներ, իսկ Ատրպէյճան՝ 76-րդը, 67 երկիրներ ճամբորդելու կարելիութեամբ: Ռուսիա 51-րդն է՝ 118 երկիրներ մուտք գործելու արտօնութեամբ:

Ցանկը կը գլխաւորէ Ճափոն, որուն քաղաքացիները կրնան այցելել 191 երկիրներ, երկրորդն է Սինկափուր (190 երկիր), երրորդ՝ Գերմանիա եւ Հարաւային Քորէա (երկուքն ալ՝ 189 երկիրներ):