
2019-ին 2018-ի Համեմատ Թողարկուած է 38 Տոկոսով Աւելի ՀԴՄ Կտրoն
2019 թուականի ընթացքին Հայաստանի մէջ թողարկուած է 120 միլիոն 36 հազար 875 հատով կամ 38 տոկոսով աւելի ՀԴՄ կտրօն, քան 2018-ին: Այս մասին յայտնած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան:
«Արդիւնքով` 2018 թուականի համեմատ արձանագրուած է 345 միլիառ 413 միլիոն դրամի կամ 21.9 տոկոսով աւելի առեւտրաշրջանառութիւն: Շնորհակալ եմ բոլոր այն քաղաքացիներուն որոնք կը պահանջեն ՀԴՄ կտրօն եւ բոլոր այն տնտեսվարողներուն, որոնք նոյնիսկ առանց պահանջի կու տան ՀԴՄ կտրօն», — իր ֆէյսպուքեան էջին վրայ գրած է Փաշինեան:
Նախապէս վարչապետը տեղեկացուցած էր, որ 2019 թուականի Յունուար-Նոյեմբեր ամիսներուն 2018-ի նոյն ժամանակահատուածի համեմատ դուրս տպուած է 106 միլիոն ՀԴՄ աւելի կտրօն, որ շուրջ 303 միլիառ դրամի աւելի արձանագրուած ապրանքաշրջանառութիւնն է: Նաեւ աւելցուցած էր, որ 2020-ին Հայաստանի մէջ ՀԴՄ չթողարկելու որեւէ բարոյական արդարացում պիտի չըլլայ: