Թուրքիոյ Նախագահականէն Ներս Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման Դէմ Պայքարի Գործողութիւններ Քննարկուած են

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի ղեկավարութեամբ տեղի ունեցած է  նախագահի աշխատակազմի Բարձրագոյն խորհրդատուական խորհուրդի ժողովը:

Վկայակոչելով Yeni Safak-ի տեղեկութիւնները՝ Ermenihaber.am-ը կը հաղորդէ, թէ նախագահի հանրային կապերու վարչութեան ղեկավար Ֆահրետտին Ալթունը տարածած է յայտարարութիւն՝ տեղեկացնելով ժողովի օրակարգին մասին: Ժողովին ընթացքին, ի թիւս այլ հարցերու, ըստ Ալթունի՝ քննարկուած են «Հայոց Ցեղասպանութեան անհիմն պնդումներուն դէմ իրականացուելիք անհրաժեշտ գործողութիւնները»: Ժողովին ներկայացուած են Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ Թուրքիոյ եւ արտասահմանի մէջ շրջանառուող տեսակէտները:

Խորհուրդի անդամները յայտարարած են, որ Հայոց Ցեղասպանութեան թեման իբրեւ գործիք կ՝օգտագործուի այն շրջանակներուն կողմէ, որոնք նպատակ ունին պառակտելու թուրք ժողովուրդը: Խորհուրդի անդամները կարեւոր համարած են թեմային առնչուող «ապատեղեկատւութեան տարածումը» կանխելու եւ ճիշդ դիւանագիտական նախաձեռնութիւններու միջոցով Թուրքիոյ դէմ իրականացուող գործողութիւնները խոչընդոտելու քայլերը:

«Մանրակրկիտ քննարկուած են անհրաժեշտ քայլերը, որոնք պէտք է իրականացուին 1915-ի դէպքերու վերաբերեալ իրականութեան չհամապատասխանող պնդումներուն դէմ»,- ըսուած է Ալթունի տարածած յայտարարութեան մէջ: