
Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Գրիգոր Պետրոս Ի. Հոգեւոր Տէրը
Չորեքշաբթի, 8 Յունուար 2020-ի երեկոյեան, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին այցելեց Գրիգոր Պետրոս Ի. հոգեւոր տէրը:
Հանդիպումը առիթ մը հանդիսացաւ անդրադառնալու Լիբանանի եւ շրջանին մէջ տիրող ընդհանուր կացութեան, ինչպէս նաեւ Հայաստան-սփիւռք յարաբերութեան: Երկու հոգեւոր պետերը կարեւորութեամբ շեշտեցին մեր ժողովուրդին ներքին միասնականութեան ամրապնդման հրամայականը: