
Վրաստանի Նախագահը Հայ Առաքելական Սուրբ Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Հաւատացեալները Շնորհաւորած է Սուրբ Ծնունդի եւ Ջրօրհնէքի Առիթով
Վրաստանի նախագահը հայ առաքելական սուրբ ուղղափառ եկեղեցւոյ հաւատացեալները շնորհաւորած է Սուրբ Ծնունդի եւ Ջրօրհնէքի առիթով: Այս մասին կը հաղորդէ Akhaltskha.net-ը։
«Հայ Առաքելական սուրբ եկեղեցին այսօր, Յունուար 6-ին, հին տաղաւարով կը նշէ Սուրբ Ծննդեան եւ ջրօրհնէքի տօները:
Կը շնորհաւորեմ այս մեծ տօներուն առիթով: Հայ եւ վրաց ժողովուրդի դարաւոր բարեկամութիւնը հիմնուած է քրիստոնէական հաւատքի արժէքներու վրայ:
Կը մաղթենք ձեզի բարգաւաճում եւ ուրախութիւն»,- գրած է Վրաստանի Նախագահը «Facebook»-ի իր էջին: