
Իրանի Մէջ 176 Մարդ Տեղափոխող Օդանաւ Մը Կործանուած է
Իրանի մայրաքաղաք Թեհրանի օդակայանին մօտակայքը կործանուած է 176 մարդ տեղափոխող «Ուքրանիոյ միջազգային թռիչքուղիներ» ընկերութեան ուղեւորափոխադրող Boeing-737 օդանաւը: Ըստ Armenpress.am-ի՝ այս մասին յայտնած է Fars գործակալութիւնը:
IRNA գործակալութեան տուեալներով՝ օդանաւի բոլոր ուղեւորներն ու անձնակազմի անդամները զոհուած են:
Վթարին պատճառը եղած է արհեստագիտական անսարքութիւնը: