
ՍՈՒ 30 ՍՄ Օդանաւերու Առաջին Խմբաքանակը Հայաստան Հասաւ
Սու 30 ՍՄ բազմագործառոյթ, գերժամանակակից զինուորական օդանաւերու առաջին խմբաքանակը արդէն Հայաստան է:
Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմենփրես»-ը, ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Գիւմրիի մէջ մասնակցած է օդանաւերու դիմաւորման արարողութեան:
«Ֆէեյսպուք»-ի ուղիղ եթերով վարչապետը ցուցադրեց օդանաւերու վայրէջքը, որուն նախորդեց անոնց ցուցադրական թռիչքը:
Տեսանիւթին մէջ կ՛երեւի, որ Գիւմրիի մէջ վայրէջք կը կատարէ 3 օդանաւ, սակայն նախապէս ՀՀ պաշտպանութեան նախարարը յայտնած էր, որ Հայաստանը կը պատրաստուի ձեռք բերել 1 օդանաւային ջոկատ (12) Սու 30 ՍՄ օդանաւ: