
Թրքական Թերթը Թիրախ Կը Դարձնէ Պոլսոյ «Արաս» Հրատարակչութիւնը
Թրքական իշխանամէտ «Աքշամ» թերթի վերլուծաբան Էմին Փազարճը թիրախ դարձուցած է Պոլսոյ հայկական «Արաս» հրատարակչատունը եւ մայրաքաղաք Անգարայի Չանքայա շրջանի քաղաքապետարանը: Այս մասին կը հաղորդէ “Էրմէնիհապեր”-ը։
Պատճառը՝ «Արաս»-ի եւ գլխաւոր ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութեան հակակշիռին տակ գտնուող Չանքայայի քաղաքապետարանի ղեկավարութեան համագործակցութեամբ տեղի ունեցած գիրքերու ցուցահանդէսն է, ուր ցուցադրուած են նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին գիրքեր:
Փազարճը գրած է, որ Հայոց Ցեղասպանութեան «պնդումներն ու սուտերը» Անգարայի համար լուրջ գլխացաւ դարձած են, եւ այս գծով արտաքին բոլոր դերակատարները, ներառեալ Թուրքիոյ դաշնակիցը համարուող Միացեալ Նահանգները, կը յարձակին Թուրքիոյ վրայ:
Ապա, հեղինակը, մատնացոյց ընելով Չանքայայի քաղաքապետարանի իրականացուցած գիրքերու ցուցահանդէսը, գրած է, որ ընդդիմադիր կուսակցութիւնը նման արարքներով երկրին կը հարուածէ թիկունքէն:
Հեղինակը գրած է, որ ցուցահանդէսին ժամանակ կը հրամցնեն Ցեղասպանութեան վերաբերեալ Արեւմուտքի «սուտերը», որոնց դէմ Անգարա տարիներ շարունակ կը պայքարի:
«Այնտեղ ցուցադրուած, ներկայացուած ու վաճառուած են գիրքեր «Արաս» հրատարակչութենէն, որ հայկական կազմակերպութիւն է: Անոնց մէջ կան 158 թրքերէն եւ 60 հայերէն գիրքեր»,- գրած է Ցեղասպանութիւնը ժխտող հեղինակը։