Փասատենայի Մէջ Հայկական Նոր Դպրոց Պիտի Հիմնուի

English

 «ԱՄՆ Փասատենա քաղաքի միակ երկրորդական` «Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան» վարժարանի փակման Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան որոշումէն ետք տեղի հայ համայնքը կազմակերպեց ցոյցեր, բարձրացուց իր բողոքի ձայնը այս որոշման դէմ, դիմեց պատասխանատու մարմիններուն ու անձերուն, սակայն որեւէ դրական արդիւնքի չհասաւ: Երբ կարծես բոլոր հնարաւորութիւնները օգտագործուած էին, վարժարանի սաներու ծնողներն ու հայապահպանութեան գործին խումբ մը նուիրեալներ ստանձնեցին ոչնչէն դպրոց հիմնելու՝ առաջին հայեացքէն անհնար թուացող աշխատանքը: Այս մասին նշուած է «Մելքոնեան համաշխարհային նախաձեռնութեան» հայաստանեան գրասենեակի տարածած հաղորդագրութեան մէջ:

 Փակման որոշումէն կարճ ժամանակ անց կրնանք ըսել, որ 2020 թուականի Օգոստոս ամսուն Փասատենայի մէջ պիտի բացուի «Մելգոնեան աւագ դպրոց»ը: Առանձնայատուկ պէտք է նշել Մարօ Եագուպեան-Նաջարեանի եւ Արսինէ Շիրվանեանի ջանքերը, որոնց անմնացորդ հաւատքի ու նուիրումի շնորհիւ ամերիկահայ երեխաները պիտի կարենան չկտրուիլ իրենց արմատներէն ու հայկական դպրոց երթալ: Եւ սա ընդամէնը մէկ օրինակ է, թէ ինչպէս պէտք է ըլլան իսկական հայ մայրերը, որոնք հակառակ արդէն քանի մը դար զրկուած են հայրենի հողին վրայ ապրելու հնարաւորութենէն, սակայն չեն մոռնար իրենց ինքնութեան մասին եւ ամէն ինչ կ՛ընեն հայ մնալու համար:

Դպրոցի գործունէութեան մանրամասներուն կրնաքք ծանօթանալ նորաբաց կայքին մէջ՝  https://www.melkonianhighschool.com/ հասցէով: