
Հակառակորդի Նախայարձակ Գործողութեան Հետեւանքով Տուժած Զինծառայողները Փոխհատուցում Պիտի Ստանան
ՀՀ կառավարութիւնը հաւանութիւն տուաւ «ՀՀ պաշտպանութեան ժամանակ զինծառայողներու կեանքին կամ առողջութեան պատճառուած վնասներու հատուցման մասին» օրէնքի փոփոխութիւններուն, ըստ որուն զինծառայողներու կեանքին կամ առողջութեան պատճառուած վնասներու հատուցման պարագաներու շարքին կը ներառուին հակառակորդի նախայարձակ գործողութեան հետեւանքով տեղի ունեցած դէպքերը: Այս մասին կը հաղորդէ Armenpress.am-ը։
Պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան նշեց, որ զինուած ուժերու գործունէութեան ընթացքին առկայ եղած են դէպքեր, երբ հակառակորդին կողմէ զինծառայողներու կեանքին կամ առողջութեան վնասը պատճառուած է այնպիսի պայմաններու մէջ, երբ տեղի չեն ունեցած անմիջական մարտական գործողութիւններ կամ զինծառայողները չեն գտնուած մարտական հերթապահութեան մէջ կամ չեն կատարած յատուկ առաջադրանք: «Նման դէպքեր տեղի ունեցած են հակառակորդի հեռահար հրետակոծութեան կամ առաջնագիծէն երկրի խորք ինկած տարածքին՝ յարձակողական-հետախուզական խումբի գործողութեան իբրեւ արդիւնք: 2008-էն սկսեալ՝ հակառակորդի նախայարձակ գործողութեան հետեւանքով՝ 10 զինծառայողներու կեանքին կամ առողջութեան վնաս պատճառուած է: Նման պարագաներու զինծառայողի կարգավիճակը սահմանուած է իբրեւ ծառայողական պարտականութիւններու կատարման ծիրէն ներս տեղի ունեցած դէպք, որ սակայն, ըստ էութեան, չի բնորոշեր համապատասխան դէպքի իրական հանգամանքը եւ հասարակական պաշտպանուածութեան առումով չ՝ապահովեր որոշակիօրէն համարժէք վիճակ»,- ըսաւ նախարարը:
Դաւիթ Տօնոյեանի խօսքով՝ այսպիսով կը լուծուի անարդարութիւնը: «Հոգաբարձուներու խորհուրդը համապատասխան որոշում պիտի կայացնէ եւ պիտի տարածէ կարգաւորումը մինչեւ 1998 ինկած դէպքերուն վրայ»,- ըսած է ան: