
Յունաստանի Համազգայինի «Նանօր» Պարախումբին Ելոյթը
Հ.Յ.Դ Աթէնքի «Գ. Լազեան» կոմիտէի եւ Վիրոնայի քաղաքապետութեան միջեւ գործակցութեան ծիրէն ներս, Համազգայինի «Նանօր» պարախումբը, պարուսուցութեամբ ընկ. Աննա Պօղոսեանի մասնակցեցաւ Վիրոնայի կեդրոնական հրապարակներէն մէկուն վրայ տօնական ձեռնարկներուն եւ պարեց երեք հայկական ժողովրդային պար։ Այս մասին կը հաղորդէ «Ազատ օր»-ը։
Կոմիտէի անունով խօսք առաւ ընկ. Յովհաննէս Ղազարեան եւ ներկայացուց պարախումբն ու անոր պատասխանատուն։
Նշենք որ, ելոյթին մասնակցեցան նաեւ յունական պարախումբեր եւ երգչախումբեր, իսկ ներկայ եղող բազմաթիւ հանդիսատեսները ջերմօրէն գնահատեցին հայ պատանիներու տպաւորիչ պարերը։