Երեւանի Մէջ Տեղի Ունեցաւ Հայաստանի Եւ Արցախի Անվտանգութեան Խորհուրդներու Միացեալ Նիստը

Հայաստան

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի համանախագահութեամբ, Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի եւ Արցախի Անվտանգութեան խորհուրդներու միացեալ նիստը, որուն ներկայ էին նաեւ Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեան, Հայաստանի եւ Արցախի խորհրդարաններու նախագահներ Արարատ Միրզոյեան եւ Աշոտ Ղուլեան:

Օրակարգային հարցերու քննարկումէն առաջ Փաշինեան, Սահակեան եւ Սարգսեան հանդէս եկան ելոյթներով:

Նիկոլ Փաշինեան իր խօսքին մէջ նշեց, որ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած փոփոխութիւնները էականօրէն աւելցուցած են Արցախի իշխանութիւնը եւ ընդգծած Հայաստանի ու Արցախի իշխանութիւններուն յարաբերութիւններուն իրաւահաւասար բնոյթը: Ըստ անոր՝ փոխուած է որոշումներ տալու մշակոյթը եւ այդ որոշումներուն վրայ ազդելու ժողովուրդին եւ հասարակութեան դերը ո՛չ միայն Հայաստանի, այլ նաեւ Արցախի մէջ: «Ակնյայտ է, որ արցախեան հիմնահարցով հնարաւոր չէ արձանագրել որեւէ նշանակալից առաջընթաց առանց ժողովրդական վստահութեան առկայութեան եւ արտայայտման: Այս տեսակէտէն առաւել քան էական է հակամարտութեան գօտիին վրայ ապրող մարդոց կարծիքը, քանի որ անոնք պիտի ըլլան խաղաղ կարգաւորման որեւէ տարբերակի հետ կապուած օգուտներու եւ վտանգներու անմիջական կրողը»,- յայտնեց Ն. Փաշինեան։

Ըստ անոր՝ այս իրողութիւնը առաւել քան կ՛ընդգծէ Արցախի ժողովուրդին եւ անոր կողմէ ընտրուած իշխանութեան դերը խաղաղ լուծման գործընթացին մէջ:

«Արցախում գալիք տարուայ Մարտին տեղի ունենալիք ընտրութիւններն այս տեսակէտից ստանում են յաւելեալ կարեւորութիւն: Հակամարտութեան կարգաւորմանն ուղղուած բոլոր հիմնարար փաստաթղթերը կամ ներառում են Արցախի ընտրուած իշխանութիւնների մասնակցութեան յղում, կամ հաստատուել են Արցախի ընտրուած իշխանութիւնների ներկայացուցիչների կողմից:

«Ես կ՝ուզեմ ընդգծել, որ այստեղ մենք ունինք շատ կարեւոր իրավիճակ եւ կ՝արձանագրենք՝ բանակցային գործըթացի առաջին օրերէն ընդգծուած Արցախի ընտրուած ներկայացուցիչներու մասնակցութիւնը բանակցային գործընթացին, եւ այս տեսակէտէն չափազանց տարօրինակ է, որ շատ պարագաներու որոշ կառոյցներէ մենք կը լսենք գնահատականներ, ժխտական գնահատականներ Արցախի մէջ տեղի ունեցող ընտրութիւններուն վերաբերեալ: Եւ մեր արձանագրութիւնը այն է, որ իրականութեան մէջ Արցախի մէջ տեղի ունեցող ընտրութիւնները կը կայանան միջազգայնօրէն ստացուած յանձնարարութեան հիման վրայ, եւ, հետեւաբար, բոլոր այն յայտարարութիւնները, որոնք որեւէ կերպով քննադատութեան կ՝ենթարկեն այդ ընտրութիւնները, կը վնասեն խաղաղ գործընթացին, որովհետեւ եթէ պիտի ընտրուած ներկայացուցիչները Արցախի ժողովուրդը ներկայացնեն բանակցային գործընթացին մէջ, որ արձանագրուած է բանակցային ձեւաչափի եւ բանակցային գործընթացներու փաստաթղթային հիմքով, ինչպէ՞ս կրնան ընտրուած ներկայացուցիչները ընտրուիլ, եթէ ոչ ընտրութիւններու միջոցով: Եւ ուրեմն առաւել քան վստահ եմ, որ Արցախի նորընտիր իշխանութիւնները, որոնք պիտի ստանան իրենց ժողովուրդի քուէն եւ պիտի կրեն այդ քուէն իրենց տուած ժողովուրդի հանդէպ պատասխատւութեամբ, կառուցողական ներգրաւում պիտի ունենան խաղաղ գործընթացին մէջ»,- ըսաւ ան։

Բակօ Սահակեան իր խօսքին մէջ նշեց, որ այս տարուան ընթացքին խաղաղ գործընթացի արդիւնքները համեստ են, սակայն արձանագրուած են երկու կարեւոր պայմանաւորուածութիւններ, որոնք կը վերաբերին խաղաղութեան հաստատման համար նպաստաւոր միջավայրի ստեղծման եւ բնակչութիւնը խաղաղութեան նախապատրաստելուն:

«Այս համաձայնութիւնները ունեցած են երկու գործնական արդիւնք. հակառակ հրադադարի պարբերական խախտումներուն՝ ընդհանուր առմամբ յաջողած է խուսափիլ ռազմական սրացումներէն եւ իրավիճակը պահել վերահսկելի բոլոր կողմերուն համար: Այսուհանդերձ, հրադադարի խախտումները կը շարունակեն յանգեցնել մարդկային կորուստներու, կը վտանգեն հակամարտութեան գօտիի քաղաքացիական բնակչութիւնը եւ կը վնասեն խաղաղ գործընթացի ծաւալման:

«Օրինակ, անցեալ շաբաթ Ատրպէյճանի կողմէ Հայաստանի հիւսիս-արեւելեան սահմանային ճանապարհներու եւ բնակավայրերու գնդակոծումը, որ տեղի ունեցաւ ԵԱՀԿ նախարարական համաժողովին ծիրէն ներս, Մինսկի խումբի համանախագահ երկիրներու բարձր ներկայացուցիչներու՝ Դեկտեմբեր 6-ի Պրադիսլաւայի յայտարարութենէն ետք, եւ ահա այդ միջադէպը չի նպաստեր խաղաղ գործընթացի ծաւալման: Ստեղծուած իրավիճակին մէջ անհրաժեշտ է հետեւողականօրէն իրականացնել հրադադարի ամրապնդման համաձայնութիւնները, ինչպէս՝ ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչի կարողութիւններու ընդլայնման միջոցով: Նոյնքան կարեւոր են ժողովուրդներուն խաղաղութեան նախապատրաստման ծրագիրները, որոնց ծիրէն ներս տեղի ունեցաւ լրագրողներու փոխանակումը: Ի տարբերութիւն մարդոց շփումներու ոլորտի այլ ծրագիրներու, այս փոխանակումը իրականացուեցաւ ոչ թէ այս կամ այն երրորդ կողմի ուրուագծած ծիրէն ներս, այլ հակամարտութեան բոլոր կողմերու պետական մարմիններուն միջոցով, որոնք ունակ եղան ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչի գրասենեակին միջոցով միմեանց հետ համաձայնեցնել եւ իրականացնել մէկ ընդհանուր գործ: Այս փաստը ինքնին ողջունելի է՝ եթէ մեր ժողովուրդները ունակ չըլլան շփուելու իրարու հետ ուղղակիօրէն, ոչ մէկ ուժ կրնայ մեզի հաշտեցնել: Կարեւոր է, որպէսզի ատրպէյճանցի լրագրողները այցելեն Հայաստան եւ Արցախ, իսկ հայաստանցի եւ արցախցի լրագրողները երթան Ատրպէյճան եւ ի վերջոյ կարենան աշխատիլ իրարու հետ»,- դիտել տուաւ ան:

Արցախի նախագահը յայտնեց, որ այս տարուան ընթացքին տարբեր առիթներով մատնանշած է, որ առանց Հայաստանի, Արցախի եւ Ատրպէյճանի ժողովուրդներու աշխոյժ ներգրաւման եւ համաձայնութեան, կարելի չէ հասնիլ կայուն խաղաղութեան եւ հաշտութեան: «Յուսանք, որ այս ծրագիրը սկզիբ կը դառնայ ժողովուրդների խաղաղութեան նախապատրաստման եւ հաշտեցման համար», աւելցուց ան:

Բակօ Սահակեան ըսաւ, որ այս տարուան ընթացքին ունեցած ենք այս հարցադրման երկու տարբեր մեկնաբանութիւններ՝ ԵԱՀԿ-ի Մինսկի խումբի համանախագահներուն եւ Ատրպէյճանի կողմէ:

«Այստեղ մեզի համար առաջնահերթ նշանակութիւն ունի Արցախի կարգավիճակին հարցը: Արդեօ՞ք առաջարկուող սկզբունքները եւ տարրերը հնարաւորութիւն կու տան, որպէսզի Արցախը պահպանէ եւ զարգացնէ իր կարգավիճակը Ատրպէյճանի ինքնիշխանութենէն, տարածքային ամբողջականութենէն դուրս, թէ այս սկզբունքները եւ տարրերը կոչուած են սահմանափակելու Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը, ինչպէս կը պնդէ Ատրպէյճանը: Ինչպէս արդէն նշեցի՝ Մինսկի խումբի համանախագահներու մեկնաբանութիւնը այս հարցին մասին էապէս կը տարբերի Ատրպէյճանէն, որ ի հարկէ լաւատեսութեան հիմքեր կու տայ առաջարկուող բանակցային հիմքին հանդէպ: Այսուհանդերձ Հայաստանը եւ Արցախը ի վերջոյ պէտք է համաձայնին Ատրպէյճանի հետ, ուստի անհրաժեշտ է շարժիլ երկիմաստութենէ դէպի միասնական ընկալման ձեւաւորում»,- յայտնեց նախագահը՝ աւելցնելով, որ տարուան ընթացքին հայկական կողմը յստակացուցած է իր դիրքորոշումները, վերջին անգամ Դեկտեմբեր 5-ին: «Եթէ Ատրպէյճանը կը փորձէ յարաբերական դարձնել ինքնորոշման իրաւունքի կամ ուժի չկիրառման սկզբունքի իրականացումը, ուստի յարաբերական կը դառնայ երրորդ սկզբունքը եւ ի վերջոյ կը շարունակէ գոյատեւել այն իրավիճակը, որ մենք այսօր ունինք: Հայաստանի եւ Արցախի՝ միասնական հայ ժողովուրդի անվտանգութիւնը կը պահանջէ հակամարտութեան կարգաւորման կանխատեսելի միջավայր եւ սենար: Այն մօտեցումը, որ հակամարտութեան կարգաւորումը կոչուած է բաւարարելու միայն մէկ կողմի առաւելագոյն պահանջները եւ կարիքները՝ փակուղային է եւ այդ մօտեցման հետեւանքով է, որ հակառակ հայկական կողմի եւ համանախագահներու ջանքերուն՝ վերջին 25 տարին հնարաւոր չըլլար կարգաւորել հակամարտութիւնը»,- ըսաւ Բ. Սահակեան:

Արցախի նախագահը նշեց, որ կառավարութիւնը սկիզբէն իսկ Արցախի հարցի լուծման առումով որդեգրած է կառուցողական դիրքորոշում, որուն արձագանգած են նաեւ միջազգային գործընկերները: Ըստ անոր՝ Արցախի հարցի որեւէ լուծում պէտք է ընդունելի ըլլայ երեք ժողովուրդներուն համար, իսկ այս մասին յայտարարելով հայկական կողմը յոյս ունէր, որ համանման յայտարարութեամբ հանդէս կու գար նաեւ Ատրպէյճանի նախագահը, ինչ որ բանակցային գործընթացին մէջ էական յառաջընթաց ապահովելու մեծ կարելիութիւն կը ստեղծէ:

«Ցաւօք, սակայն, մենք մինչեւ օրս Ատրպէյճանի ղեկավարին կողմէ նման յայտարարութիւն չենք լսած եւ կը կարծեմ՝ հակամարտութեան կարգաւորմամբ շահգրգիռ բոլոր միջազգային կառոյցներն ու գործընկերները իրենց առաջ խնդիր պիտի դնեն քաջալերելու Ատրպէյճանի նախագահը՝ հանդէս գալու նման յայտարարութեամբ, համաձայնելու հասկնալի եւ տրամաբանական բանաձեւի հետ, որովհետեւ այն ընկալումը, թէ հակամարտութեան կարգաւորման սենարը պէտք է բաւարարէ կողմերէն մէկուն պատկերացումները եւ արհամարհէ միւս երկու կողմերուն պատկերացումները, բանակցային գործընթացին մէջ տեղապտոյտ պիտի ստեղծեն»,- ըսաւ Սահակեան: