Մեր Ուժը Հակառակորդի Համար Աւելի Մահաբեր Պիտի Ըլլայ. Տօնոյեանը Ամփոփած է 2019-ի ՊՆ Աշխատանքը

Հայաստան

ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան 2020-ի գլխաւոր ձեռքբերումներէն կը համարէ նոր սպառազինութիւններն ու սնունդի կազմակերպման նոր համակարգը։ Այս մասին ան յայտնած է ՀՀ կառավարութեան Facebook-ի էջին վրայ հրապարակուած տեսանիւթով, որ նուիրուած է 2019-ի ամփոփման եւ ՀՀ ՊՆ եկող տարուան յաւակնոտ ծրագիրներուն։

Տօնոյեանի խօսքով՝ անցնող տարին նշանաւոր դարձած է նորագոյն սպառազինութիւններու եւ զինուորական սարքերու ձեռքբերումով։ «Մեր զինուած ուժերը օրէ օր պիտի հզօրանան, մեր ուժը պիտի ըլլայ հակառակորդի համար աւելի մահաբեր»,- իր խօսքը աւարտած է ՀՀ պաշտպանութեան նախարարը։