Մահչուփեան Ընտրուած է Տաւութօղլուի Կուսակցութեան Գործադիր Խորհուրդի Անդամ

Աշխարհ, Սփիւռք

Դեկտեմբեր 19-ին տեղի ունեցած է Թուրքիոյ նախկին վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլուի հիմնադրած «Ապագայ» (Gelecek) կուսակցութեան հիմնադիր խորհուրդի նիստը, որու ընթացքին ընտրուած են կուսակցութեան գործադիր խորհուրդի, էթիկայի եւ կարգապահական յանձնաժողվներու անդամները․ այս մասին կը հաղորդէ Ermenihaber-ը:

Թուրքիոյ նախկին վարչապետը նիստի 132 մասնակիցներու քուէարկութեամբ միաձայն ընտրուած է «Ապագայ» կուսկացութեան նախագահ:

Կուսակցութեան 60 հոգիէն կազմուած գործադիր խորհուրդի անդամներուն մէջ է նաեւ հայ լրագրող, հրապարակախօս Էթիէն Մահչուփեանը:

Մահչուփեան Ահմեթ Տաւութօղլուի վարչապետութեան օրօք նշանակուած էր Վարչապետի գլխաւոր խորհրդական, սակայն 2015-ի Ապրիլին Մահչուփեան ազատուած էր իր պաշտօնէն: Ըստ թրքական բազմաթիւ լրատուամիջոցներու, Մահչուփեան հեռացուած էր Հայոց Ցեղասպանութեան մասին բացայայտ խօսելու համար: