
Դոկտ. Կարէն Խանլարեանի «Հայաստանի Աշխարհագրութեան Մեկնաբանութիւնը՝ Հիմնուած Իսլամական Տեքստերի Վրայ» Գիրքի Շնորհանդէսը
Հայկական հարցերու ուսումնասիրութեան կեդրոն «ՀՈՒՍԿ» հաստատութեան նախաձեռնութեամբ, Դեկտեմբեր 17-ին տեղի ունեցաւ Իսլ. Խորհրդարանին մէջ Թեհրանի եւ հիւսիսային իրանահայութեան պատգամաւոր դոկտ. Կարէն Խանլարեանի հեղինակած «Հայաստանի աշխարհագրութեան մեկնաբանութիւնը՝ հիմնուած իսլամական տեքստերի վրայ» պարսկերէնով լոյս տեսած գրիքի շնորհանդէս-քննարկումը, կը հաղորդէ «Ալիք»-ը:
«ՀՈՒՍԿ»-ի կեդրոնին մէջ կազմակերպուած շնորհանդէսին Հայ Դատի յանձնախմբի նախագահ Իսիկ Իւնանէսեան անդրադառնալով դոկտ. Խանլարեանի հեղինակած գիրքին՝ ընդգծեց, որ անիկա արդիւնքն է հեղինակի եռամեայ աշխատանքներու եւ յոյս յայտնեց, որ մօտ ապագային լոյս պիտի տեսնէ երկրորդ հատորը եւս: Ան նշեց նաեւ, որ դոկտ. Խանլարեան պաշտօնապէս նշանակուած է Իսլ. Ազատ համալսարանի ներկայացուցիչը՝ Հայաստանի մէջ համալսարանի մասնաճիւղը հիմնելու համար: Ան նշեց, որ գիրքը գնահատման արժանի է այն առումով, որ հեղինակը ներկայացուցած է իսլամական այն աղբիւրները, որոնք հիջրեթի 3ճրդէն 14-րդ դարերու ընթացքին անդրադարձած են Հայաստանի մասին եւ կարեւոր համարած այն, որ գիրքին հեղինակը նոյնիսկ վկայակոչած է օսմանցի պատմաբանները եւ աշխարհագրագէտները, որոնք վերջին դարերու ընթացքին անդրադառնալով Կովկասի աշխարհագրութեան անդրադարձած են ժամանակի Հայաստանի կարգավիճակին:
Աստղագէտ-պատմաբան դոկտ. Հոսէյն բարձր գնահատեց դոկտ. Խանլարեանին եւ հրատարակուած գիրքը այն առումով, որ նոր հայեացքով եւ կատարեալ ճշգրտութեամբ եւ անաչառօրէն մէջբերում կատարած բոլոր աղբիւրներէն եւ նման գրքի առկայութիւնը կարեւոր աղբիւր համարեց:
Դոկտ. Խանլարեան, որ կարեւոր նկատեց գիրքի քննարկման արդիւնքով նկատուած բացթողումները եւ անդրադառնալով գիրքի հրատարակման նպատակներուն մասին ընդգծեց, որ երկու դրդապատճառներէ մեկնած հեղինակած է նման աշխատութիւն: Նախ, որպէս մասնագիտական մօտեցում եւ այն, որ պանթուրքիստ պատմաբանները կը հերքեն հայոց հազարամեայ պատմութիւնը, եւ ընդհանրապէս Հայաստանի աշխարհագրական գոյութիւնը եւ միւս կողմէ կը մերժեն հայկական աղբիւրները, որոնք կ՛անդրադառնան հայ ժողովուրդի պատմութեան: Ան աւելցուց, որ այդ պատճառով ալ ուսումնասիրած է իսլամական պատմաբանները, ըլլայ իրանցի, թէ արաբ կամ օսմանցի եւ անոնց ուսումնասիրութիւններէն մէջբերումներ կատարած, որպէսզի ոչ-հայ լսարանը եւս ծանօթանայ Հայաստանի պատմական տուեալներուն, ըստ ոչ-հայ պատմաբաններու եւ կուլ չգնայ պանթուրքիստական քարոզչութիւններուն ու նկրտումներուն: