
Կալանք Դրուած է Սերժ Սարգսեանի եւ Բարսեղ Բեգլարեանի Գոյքին Վրայ
Հայաստանի Հանրապետութեան երրորդ նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ «Ֆլեշ» ընկերութեան նախագահ Բարսեղ Բեգլարեանի գոյքին վրայ կալանք դրուած է:
Ըստ «Արմենփրես»-ի՝ այս մասին յայտնած են Յատուկ քննչական ծառայութենէն:
Անոնց գոյքին վրայ կալանք դրուած է ենթադրեալ յանցագործութեամբ պատճառուած վնասի չափով` պետութենէն առանձնապէս խոշոր չափով վատնում կատարելու դէպքի առթիւ յարուցուած քրէական գործով:
Յիշեցնենք, որ քննուող քրէական գործի նախաքննութեան ընթացքին ձեռք բերուած բաւարար ապացոյցներու համակցութեան հիման վրայ ՀՀ նախկին նախագահ Սերժ Սարգսեանին մեղադրանք առաջադրուած է ՀՀ քրէական օրէնսգրքի 38-179-րդ յօդուածի 3-րդ մասի 1-ին կէտով նախատեսուած հանրօրէն վտանգաւոր այն արարքի կատարման համար, որ ան, 2008-ի Ապրիլ 9-էն մինչեւ 2018 թուականի Ապրիլ 9-ը զբաղեցնելով ՀՀ նախագահի պաշտօնը, իր պաշտօնէական դիրքը օգտագործելով, 2013 թուականի Յունուար 25-էն մինչեւ նոյն թուականի Փետրուար 7 կազմակերպած է պաշտօնատար խումբ մը անձերու կողմէ պետութենէն վատնելու եղանակով առանձնապէս խոշոր չափերով գումարի` 489.160.310 ՀՀ դրամի յափշտակութեան կատարումը: