Թրամփ Ուաշինկթընի Մէջ Անգարայի Վերջին Ջատագովը Կը Մնայ. Հայ Դատ

Աշխարհ, Սփիւռք

 Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը մեկնաբանեց Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան այն յայտարարութիւնը, թէ Հայոց Ցեղասպանութեան նկատմամբ ամերիկեան վարչակազմին դիրքորոշումը չէ փոխուած:

«Մեր մօտեցումը կ՛արտացոլայ այս տարուան Ապրիլին Միացեալ Նահանգներու նախագահին արտայայտած յայտարարութեան մէջ», արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական կայքին վրայ զետեղուած մեկնաբանութեան մէջ կը նշէր նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան ղեկավար Մորկըն Օրթըկըս:

Յիշեցնենք, որ այս տարուան Ապրիլ 24ին՝ Հայոց Ցեղասպանութեան տարելիցին առթիւ հրապարակուած ուղերձին մէջ, նախագահ Տանըլտ Թրամփ 1915ի իրադարձութիւնները անուանած էր «Մեծ Եղեռն», դարձեալ խուսափելով «ցեղասպանութիւն» բառը օգտագործելէ:

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան յայտնեց, թէ յստակ չէ, որ «նախագահ Թրամփ որքան հաւատարիմ պիտի մնայ իր հակաամերիկեան դիրքերով ծանօթ մենատէր Էրտողանին»:

«Մինչ հանրապետական եւ դեմոկրատ քոնկրեսականներուն առաւել քան 98 տոկոսը իր աջակցութիւնը յայտնեց Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման Քոնկրեսի բանաձեւին, նախագահը մեկուսացած կը մնայ եւ Անգարայի վերջին ջատագովն է Ուաշինկթընի մէջ», նշեց Համբարեան: