
Ամանորը՝ Հայրենիքի Պաշտպաններուն Հետ. ՀՕՄ Հայաստան
Հայ Օգնութեան Միութեան Հայաստանի Շրջանային վարչութիւնը՝ ՀՕՄ-ի բարերար Ռազմիկ Խաչատուրեանի աջակցութեամբ, «Հայրենիքի պաշտպանի վերականգնողական կենտրոն»-ին մէջ բուժում ստացող տղաներուն եւ անձնակազմին համար այս տարի եւս կազմակերպեց Ամանորեայ ձեռնարկ մը։
Այս մասին նշուած է ՀՕՄ-ի Հայաստանի մասնաճիւղի «Ֆէյսպուք»-ի պաշտօնական էջին վրայ:
«Կը շնորհաւորենք բոլորին գալիք Նոր Տարին եւ Սուրբ Ծնունդը: Թող մեր յետագայ բոլոր սերունդներն ապրին խաղաղ եւ երջանիկ հայրենիքի մէջ», գրուած է էջին վրայ։