Ատրպէյճանի ԶՈւ-ն Կրակ Բացած է Իջեւան-Նոյեմբերեան Մայրուղիի եւ Կոթի Գիւղի Ուղղութեամբ. Արծրուն Յովհաննիսեան

Հայաստան

Դեկտեմբեր 17-ի ժամը 22:00-22:30-ի սահմաններուն, ատրպէյճանական ԶՈւ-երը կրակ բացած են Իջևան-Նոյեմբերեան մայրուղիի եւ Կոթի գիւղի ուղղութեամբ: Այս մասին, Facebook-ի իր էջին միջոցով, կը հաղորդէ ՀՀ ՊՆ մամուլի խօսնակ Արծրուն Յովհաննիսեան։

ՀՀ ՊՆ մամուլի խօսնակին հաւաստիացումով՝ ՀՀ ԶՈւ-երու պատասխան կրակէն ետք հակառակորդը դադրեցուցած է կրակը: «ՀՀ ԶՈւ-երու կողմէն կորուստներ չկան»,- նշած է Արծրուն Յովհաննիսեան:

(լուսանկարը՝ 24News.am-ի)