Հայ Դատը Դատապարտեց «Շնորհակալութիւն Քոնկրես» Հանրային Հաւաքը Խանգարելու Փորձը

Աշխարհ, Սփիւռք

Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին կազմակերպութեամբ, Շաբաթ, 14 Դեկտեմբերի յետմիջօրէին տեղի ունեցած՝ «Շնորհակալութիւն Քոնկրես» հանրային հաւաքը խանգարելու նախագահ Տանըլտ Թրամփի խումբ մը համակիրներուն արարքը խստօրէն դատապարտուեցաւ կազմակերպիչներուն կողմէ, որոնք նկատել տուին, որ հաւաքին ներկայ էին նաեւ Ցեղասպանութենէն վերապրածներու շառաւիղներ, որոնք տասնամեակներէ ի վեր կը սպասէին Քոնկրեսին կողմէ Ցեղասպանութեան ճանաչման։

Յիշեցնենք, որ հաւաքին նպատակն էր դրուատել Քոնկրեսին մէջ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու արշաւը յաջողութեամբ պսակած քոնկրեսականներու տարած աշխատանքը։

«Մինչ իբրեւ ամերիկացիներ արտայայտուելու ազատութեան ջատագովներ կը մնանք, այսօրուան արարքը կը փորձէր խանգարել երեկոյին քաղաքական բաժանումներուն հետ ոչ մէկ կապ ունեցող հաւաք մը, նոյն ժամանակ անարգելով Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակը։ Ցուցարարները մարդկային տարրական պատշաճութիւնը չցուցաբերեցին», նշուած է Հայ Դատի յայտարարութեան մէջ։

Հաւաքը սկզբունքով տեղի պիտի ունենար «Ուուտպըրի» համալսարանին մէջ, սակայն վերջին վայրկեանին, համալսարանը որոշեց չհիւրընկալել հաւաքը, որովհետեւ մտահոգ էր նման ցոյցի մը հաւանականութենէն։

Այդ պատճառով, կազմակերպիչները որոշեցին հաւաքը իրականացնել Կլենտէյլի Հանրային Կեդրոնական գրադարանի գլխաւոր սրահին մէջ։

Հանրային հաւաքին ներկայ էին Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող Ներկայացուցիչներու տան թիւ 296 բանաձեւի համահեղինակ Էտըմ Շիֆ եւ բանաձեւին գլխաւոր հովանաւորներէն Ճուտի Չու, որոնք մանրամասնութիւններ փոխանցեցին պատմական այս որոշումին վերաբերեալ։

Ցուցարարները դժգոհ էին Շիֆէն, որ Թրամփի հակասահմանադրական արարքներու հետապնդումին մէջ կարեւոր դերակատարութիւն ունեցած է։

Յիշեցնենք, որ 12 Դեկտեմբերին, Ցեղասպանութիւնը ճանչցող թիւ 150 բանաձեւը միաձայնութեամբ ընդունուեցաւ նաեւ Ծերակոյտին կողմէ։ Այդ բանաձեւին համահեղինակներն են ծերակուտականներ Ռապըրթ Մենենտեզ եւ Թետ Քրուզ, իսկ Շիֆի կողքին, թիւ 296 բանաձեւին համահեղինակն էր Կաս Պիլիրաքիս։

Շաբաթ օրուան միջադէպը լուսարձակի տակ առնուեցաւ տեղական լրատուամիջոցներու կողմէ։