Wizz Air-ը Ապրիլէն Չուերթներ Պիտի Իրականացնէ Դէպի Վիեննա եւ Վիլնիւս

Աշխարհ, Հայաստան

Հունգարական Wizz Air օդանաւի ընկերութիւնը 2020-ի Ապրիլէն սկսեալ Երեւանէն աժան չուերթներ պիտի իրականացնէ դէպի Վիեննա եւ Վիլնիւս:

«Չուերթները շաբաթական երկու անգամ պիտի ըլլան: Գիները կը սկսին €24,99-էն: Առցանց ամրագրումներ արդէն կրնաք կատարել: Այս երկու ուղղութիւնները մօտաւորապէս 63 000 նստատեղ պիտի աւելացնեն օդակայանի թողունակութեան մէջ»,- այսօր Երեւանի մէջ ըսած է ընկերութեան համագործակցութեան ղեկավար Անտրաս Ռատօն:

Wizz Air-ը թռիչքները կ՛իրականացնէ Airbus A320, A321 օդանաւերով:

«Չուերթներն կ՛իրականացնենք կէտէ կէտ, համակցող չուերթներ չենք առաջարկեր»,- մանրամասնած է Ռատօ:

Wizz Air-ի ներկայացուցիչը ընդգծած է, որ տոմսերը կը վաճառեն միայն օնլայն տարբերակով.

«Առցանց ամրագրումներ կարելի է ընել կամ օգտուիլ մեր բջջային յաւելուածներէն, իսկ վճարումը կատարել միայն այն ծառայութիւններու դիմաց, որոնցմէ կը ցանկաք օգտուիլ: Եթէ ուղեբեռի կամ սնունդի կարիք չունիք, ապա անոնց դիմաց չէք վճարեր», ըսած է ան: