
ՀՅԴ ԳԵՄ-ի, ԱԳՈՄ-ի, Հայ Դատի Յանձնախումբի, Համազգայինի եւ ՀՄԸՄ-ի Ներկայացուցիչները Այցելեցին Գանատայի Մէջ ՀՀ Դեսպանատուն
Շաբաթ 14 Դեկտեմբեր 2019-ին, Գանատայի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան Օթթաուայի դեսպանատան մէջ, արտակարգ եի լիազօր դեսպան տիկին Անահիտ Յարութիւնեան հիւրընկալեց ՀՅԴ Գանատայի Երիտասարդական Միութեան (ԳԵՄ) Կեդրոնական Վարչութեան, Մոնթրէալի «Լեւոն Շանթ», Լաւալի «Բեկոր Աշոտ» եւ Թորոնթոյի «Սիմոն Զաւարեան» մասնաճիւղերու, ՀՅԴ «Արմէն Գարօ» ուսանողական միութեան (ԱԳՈՄ), Լաւալի Հայ Դատի յանձնախումբի, Համազգայինի եւ ՀՄԸՄ-ի ներկայացուցիչները:
Ըստ «Հորիզոն»-ի՝ հանդիպումը տեղի ունեցաւ Հ.Հ. դեսպանատան կողմէն կազմակերպուած ամանորի համագաղութային ընդունելութեան ծիրէն ներս, որուն ընթացքին կայացաւ ճանաչողական հանդիպում։