Դաւիթ Տօնոյեան Արտերկիր Գտնուող Զինակոչիկներուն Յորդորեց Վերադառնալ Հայաստան

Հայաստան

ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան Դեկտեմբեր 11-ին  Հանրապետական զօրակոչային յանձնաժողովի ընդլայնուած նիստի ժամանակ կարեւոր նկատեց յառաջիկայ զօրակոչի ընթացքին արդարութեան ու թափանցիկութեան մթնոլորտի շարունակականութեան ապահովումը, կաշառակերութեան երեւոյթներու խիստ բացառումը: Այս մասին կը հաղորդէ “Մեդիամաքս”-ը։

Ան ընդգծեց, որ նախորդ` 2019-ի ամառնային զօրակոչը տեղի ունեցած եւ կազմակերպուած է առանց խոչընդոտներու:

Նախարարը նաեւ նշած է, որ պէտք է չափազանց հետեւողական ըլլալ, խիստ վերահսկողութեան տակ պահել ձմեռնային զօրակոչի ամբողջ գործընթացը, բացառել բուժհետազօտութիւններու թերի իրականացումը եւ ըստ այնմ` առողջական խնդիրներ ու բուժման կարիք ունեցող երիտասարդներու զօրակոչը:

Դաւիթ Տօնոյեան յորդորած է արտերկրի մէջ գտնուող զինակոչիկներուն մինչեւ տարեվերջ վերադառնալ հայրենիք եւ կանգնիլ զինուորական հաշուառման, քանի որ այս տարուան Դեկտեմբեր 31-էն ետք այլեւս պիտի չգործէ օրէնսդրական այն իրաւակարգաւորումը, ըստ որուն` զինուորագրուելու նպատակով Հայաստան վերադարձող երիտասարդները քրէական պատասխանատւութեան պիտի չենթարկուին: