Եհովայի Վկաները ՄԻԵԴ-ի Մէջ Յաղթած Են Հայաստանին

Աշխարհ, Հայաստան

Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանը հրապարակած է «Աղայեանն ու միւսները` ընդդէմ Հայաստանի» գործով դատավճիռը, որով Հայաստանը պարտաւոր է հայցուորներուն վճարելու ընդհանուր առմամբ 242 հազար եւրօ:

Հայցուորները Եհովայի վկաներ են, որոնք զինուորական եւ այլ քաղաքացիական ծառայութիւն իրականացնելէն հրաժարելու համար դատապարտուած են 2012-ին: Անոնք բողոքած են, որ քրէական դատավարութեան ընթացքին խախտուած են իրենց իրաւունքները: ՄԻԵԴ Հայաստանին պարտաւորեցուցած է անոնց վճարել 10,000-ական եւրօ` որպէս բարոյական վնասի փոխհատուցում, ինչպէս նաեւ 1000 եւրօ` դատական ծախսերը փակելու համար: