Ատրպէյճանի Բանակին Մէջ Խոշտանգումներու Միջոցով Լրտեսներ Կը Փնտռէին. BBC

Աշխարհ

Բրիտանական BBC թերթը ատրպէյճանական բանակին մէջ խոշտանգումներու վերաբերեալ ծաւալուն յօդուած հրապարակած է:

Ըստ «Արմենփրես»-ի, յօդուածին հեղինակ Մահերամ Զեյնալով հարցազրոյց ըրած է խոշտանգուած զինծառայողներու եւ անոնց հարազատներու հետ։

«Խոշտանգումներու հետեւանքով զոհուած 9 զինծառայող, տասնեակ տուժածներ, 25 դատապարտեալներ, որոնք մեղադրուած են պետական դաւաճանութեան մէջ. այսպիսին է 2017-ի պատկերը ատրպէյճանական բանակին մէջ»,- գրած է յօդուածագիրը:

2017-ի Մայիսին Ատրպէյճանի գլխաւոր դատախազութիւնը, Պետական անվտանգութեան ծառայութիւնը, Պաշտպանութեան նախարարութիւնը եւ Ներքին գործոց նախարարութիւնը համատեղ յայտարարութեամբ նշած են, որ յօգուտ հայկական յատուկ ծառայութիւններու` լրտեսութիւն իրականացնելու մեղադրանքով ձերբակալուած են զինծառայողներ: Այս էր ամբողջ տեղեկութիւնը գործի վերաբերեալ, որ աւելի յայտնի էր «Թերթերեան գործ»:

Զանգուածային խոշտանգումներու մասին հանրութեան յայտնի դարձաւ միայն 2019-ին, երբ աստիճանաբար սկսան բացայայտուելու վերոյիշեալ գործի մանրամասնութիւնները:

Զէյնալով խօսած է խոշտանգումներէ զոհուած ենթասպայ Ռուսլան Օճակուերտիեւի կնոջ` Ռաւանայի հետ:

Կնոջ կարծիքով` եթէ իր ամուսինը ընդունէր լրտեսութեան մեղադրանքը, ողջ կը մնար:

Ռաւանան կը յիշէ, որ 2017-ի Յունիս 15-ին իր ամուսինը գացած է զօրամաս եւ անկէ ետք արդէն զանգերուն չէ պատասխանած:

Աւելի ուշ, զինուորականները Ռաւանային ըսած են, որ իր ամուսնը տարած են, բայց ուր եւ ինչու` չեն յայտնած:

«Իսկ առաւօտեան արդէն յայտնեցին, որ ամուսինս մահացած է»,- կը յիշէ Ռաւանան:

Ըստ պաշտօնական եզրակացութեան` ենթասպային մահուան պատճառը եղած է մարզումի ժամանակ սրտի կանգնիլը:

Ռաւանան այդ փորձաքննութիւնը կասկածելի համարած է, յետագային կրկին փորձաքննութիւն կը նշանակուի եւ յայտնի կը դառնայ, որ ամուսինը մահացած է կրծքավանդակի վնասուածքէն:

Ռաւանան տասնեակ զինծառայողներու զոհերու հարազատներէն մէկն է, որ դատի տուած էր Ատրպէյճանի ռազմական դատախազութեան: Դատարանին մէջ միւս զինուորներու ելոյթներէն ան գիտցած էր, թէ ինչպէս ամուսինը խոշտանգած են:

«Անոնք ամուսինիս բերանը շապիկ խցած են, խեղդած, պահանջած են խոստովանիլ, որ ինքը լրտես է, ըսած են. «Դուն ընտրութիւն ունիս. կամ մեռնիլ, կամ խոստովանիլ», – կը յիշէ կինը:

Ռաւանան դատարանին մէջ իմացած է, որ իր ամուսինը կեղծ մատնութեան զոհ է, ցուցմունքի, որ մէկ այլ զինծառայող տուած է իր նկատմամբ խոշտանգումներու հետեւանքով:

Ատրպէյճանի մէջ իրաւապաշտպանները քաղբանտարկեալներու ցուցակներ  կը ստեղծեն 1990-ականներու կէսերէն, այսինքն ` այն ատենուընէ, երբ Հէյդար Ալիեւը`ներկայիս նախագահ Իլհամ Ալիեւի հայրը, դարձած էր երկրի նախագահ:

Իրաւապաշտպան Օքթայ Կիւլալիեւը նշած է, որ «Թերթերեան գործով» բանտարկուածները նոյնպէս, հաւանաբար, այս տարուան վերջ կ’ընդգրկուին այդ ցուցակին մէջ: