Հայաստանէն Եւ Արցախէն Լրագրողներ Այցելած Են Ատրպէյճան. Աննա Նաղդալեան

Աշխարհ, Հայաստան

Հայաստանի եւ Արցախի լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչները, 17-21 Նոյեմբեր, այցելած են Ատրպէյճան, իսկ ազրպէյճանական լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչները` Հայաստան եւ Արցախ: Այս մասին յայտնած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ բանբեր Աննա Նաղդալեան` պատասխանելով լրագրողներու  փոխանակման ծրագիրի վերաբերեալ հարցումին:

«17-21 Նոյեմբերին տեղի ունեցած է լրագրողներու խումբերու  փոխանակում. Հայաստանի եւ Արցախի լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչները այցելած են Ատրպէյճան, իսկ ատրպէյճանական լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչները` Հայաստան եւ Արցախ:

Ծրագիրը նախապատրաստուած եւ կեանքի կոչուած է ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչի համակարգումով եւ Հայաստանի, Արցախի եւ Ազրպէյճանի համապատասխան նախարարութեանց ներգրաւումով»,- յայտնած է ան: