Վանեցեան Հրաժարեցաւ ՀՖՖ Նախագահի Պաշտօնէն
Արթուր Վանեցեան հրաժարեցաւ Հայաստանի ֆութպոլի դաշնակցութեան նախագահի պաշտօնէն:
«Մեր հաւաքականը Իտալիոյ մէջ պարտութիւն կրեց աննախադէպ 9:1 հաշիւով: Ատիկա մեզի համար իսկապէս շատ մտահոգիչ է: Պէտք էր այդ հարցին լուծումներ տրուէր: Քննարկման արդիւնքով ես՝ որպէս ՀՖՖ նախագահ, յայտարարեցի գործկոմին, որ ընդունին իմ հրաժարականը»,- յայտնեց Վանեցեան:
Գործկոմի անդամ Ռուբէն Ռուբինեան հաստատեց, որ Վանեցեանի հրաժարականը եղած է միայն ՀՖՖ նախագահին որոշումը: «Ընդհանուր ծիրին մէջ քննարկելով իրավիճակը՝ եկած ենք եզրակացութեան, որ ֆետերասիոնը եւ ընդհանրապէս հայկական ֆութպոլը պէտք է առողջանայ: Այս առումով, թէ՛ գործկոմը, թէ՛ պարոն Վանեցեանը միասին եկած են յայտարարի, որ այդ գործընթացը պէտք է սկսուի»,- յայտարարեց Ռուբինեան:
