Հնչակեան Գործիչ Փարամազի Նուիրուած Ֆիլմի Ցուցադրութիւն Իզմիրի Մէջ

Աշխարհ, Սփիւռք

Իզմիրի մէջ ցուցադրուեցաւ վաւերագրական ֆիլմ մը, որ նուիրուած է 15 Յունիս 1915-ին Պոլսոյ Պէյազըտի հրապարակին վրայ Հնչակեան կուսակցութեան 19 այլ անդամներու հետ կախաղան հանուած Փարամազի (Մատթէոս Սարգիսեան) կեանքին։ Անիկա պատրաստուած է Գատիր Ագընի կողմէ, որ նաեւ հեղինակն է՝ «Հայ Յեղափոխական Փարամազ» գիրքին։ Այս մասին կը հաղորդէ “Մարմարա”-ն։

Ներկայացումէն ետք, Ագըն գոհունակութիւն յայտնեց ֆիլմին ստեղծած մեծ հետաքրքրութեան համար։ «Ուրախացայ, որովհետեւ ասիկա առիթ պիտի ըլլայ որպէսզի դարձեալ յիշենք մոռցուած եւ անգոյ նկատուած պատմութիւն մը։ Ֆիլմը երեւան կը հանէ այս երկրին մէջ հակաժողովրդավար քայլերը եւ ցեղային «մաքրագործումները», ըսաւ ան։

Ագըն դիտել տուաւ, որ 100 տարի առաջ, Պէյազըտի նման կեդրոնական հրապարակի մը վրայ «Կեցցէ՛ ընկերվարութիւնը» պոռացողներուն պահանջները այսօր մեր պահանջներն են։

Ֆիլմը նկարուած է Ժընեւի, Պազելի, Պէյրութի եւ Պոլսոյ մէջ։