Հայոց Ցեղասպանութեան Բանաձեւի Թրքերէն Թարգմանութիւնը՝ ANIի Կայքին Վրայ

Սփիւռք

Երկու տարի առաջ հաստատուած Հայկական Ազգային հիմնարկի (ANI) թրքերէնով կայքը շարունակաբար կ՛ընդարձակուի եւ անոր մէջ վերջերս զետեղուած է նաեւ Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան կողմէ Հոկտեմբեր 29-ին ընդունուած Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւին թարգմանութիւնը, դէմ դնելու համար Թուրքիոյ իշխանութիւններուն կողմէ Ցեղասպանութիւնը շարունակաբար ուրանալու արշաւին, որուն վերջին օրինակը եկաւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանին կողմէ, Սպիտակ տան ամպիոնէն։

Ներկայիս, կայքին վրայ աշխարհի տարածքէն աւելի քան 60 միջազգային բանաձեւեր եւ օրէնքներ կարելի է ընթերցել թրքերէնով՝ տրամադրելով հիմնաւոր ապացոյց Հայոց Ցեղասպանութեան, նպաստելով անոր մասին համաշխարհային իրազեկութեան։

Ցեղասպանութիւնը ճանչցած 29 երկիրներու որոշումին կողքին, ANI-ի թրքալեզու կայքը ունի նաեւ նոր բաժիններ Ցեղասպանութեան մասին պետութիւններու ղեկավարներու եւ խորհրդարաններու դիրքորոշումներու եւ նախագահական յայտարարութիւններու, ինչպէս նաեւ Ցեղասպանութեան վերաբերեալ հանրային խնդրագիրներու, միջազգային կազմակերպութիւններու եւ պաշտօնական այլ յայտարարութիւններու համար։

Ցեղասպանութեան հանրագիտարանէն մէջբերումներ եւս այժմ հասանելի են թրքերէնով, ինչպէս նաեւ պատմական նորութիւններու մասին հաղորդագրութիւններ:

ANI-ի թրքերէն կայքը կը պարունակէ նաեւ պատմական լուսանկարներ, Հայոց Ցեղասպանութեան ուղին պատկերող քարտէսներ եւ այլ տեղեկատուական բաժիններ:

Հայկական Ազգային հիմնարկը հիմնուած է 1997-ին եւ իբրեւ կրթական-բարեգործական կազմակերպութիւն արձանագրուած է մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ (501(c)(3)) եւ նուիրուած է Հայոց Ցեղասպանութեան ուսումնասիրութեան, հետազօտման եւ հաստատման ջանքերուն:

(Թղթակցութիւնը՝ հիմնարկէն)