Կոմիտասի Յուշարձանը Պիտի Տեղադրուի Պոլսոյ Պատրիարքարանին Առջեւ

Սփիւռք

Հայ մեծ երգահան, երգիչ, երաժշտագէտ, բանահաւաք, Կոմիտաս վարդապետի 150-ամեակին առիթով Նոյեմբեր 23-ին ժամը 16:00-ին Կ.Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքարանի բակին մէջ պիտի բացուի անոր յուշարձանը, կը տեղեկացնէ Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքարանի «Facebook»-ի էջը։

Յուշաձանը իրականութիւն դարձած է տաղանդաւոր քանդակագործ Էրոլ Սարաֆեանի անշահախնդիր աշխատանքին ու Սարգիս Կիւլեքեչի բարերարութեան:

Պատրիարքարանը համայնքային ու թաղային մարմիններուն ու մշակութասէր հասարակութիւնը կը հրաւիրէ մասնակցելու այս նախաձեռնութեան: