Իտալիոյ Կառավարութիւնը Պիտի Աջակցի Սուրբ Ղազար Կղզիին Մէջ Ջրհեղեղէն Կրած Կորուստները Վերականգնելուն

Աշխարհ, Սփիւռք

Իտալիոյ կառավարութիւնը աջակցութիւն պիտի ցուցաբերէ Վենետիկի մէջ ջրհեղեղէն տուժած շարք մը կառոյցներու վերականգնման գործին: Այդ կառոյցներու  ցանկին մէջ է նաեւ Սուրբ Ղազար կղզին: Ըստ Armenpress.am-ի՝ այս մասին Իտալիոյ մէջ լրագրողներու հետ զրոյցին ընթացքին նշած է Իտալիոյ մէջ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Վիքթորիա Պաղտասարեան:

«Սուրբ Ղազար կղզիին ջրհեղեղէն կրած վնասներուն մասին, այս պահուն, դժուար է յստակ թիւեր նշել, սակայն ըսեմ, որ երկու օր առաջ Իտալիոյ խորհրդարանը ընդունած է օրէնք, ըստ որուն՝ սահմանուած է այն կառոյցներու եւ շէնքերու ցանկը, որոնց վերականգնման պիտի աջակցի Իտալիոյ կառավարութիւնը: Այդ ցանկին մէջ է նաեւ Սուրբ Ղազարը»,- ըսած է Վիքթորիա Պաղտասարեան:

Նշենք, որ օրեր առաջ, Վենետիկի մէջ պատահած էր վերջին 50 տարիներու ամենաուժեղ ջրհեղեղը, որուն հետեւանքները մեծ են, տուժած են բազմաթիւ տուներ, շինութիւններ, կառոյցներ: