
Բոլորս Այսինքն Բոլորս (Լիբանանի Անկախութեան 76-րդ Տարեդարձին Առիթով)
«Ազդակ»-ի խմբագրական
Լիբանանի Անկախութեան օրուան նշումը կարելի է ըսել, որ տեղի կ՛ունենայ անորոշութեան եւ տնտեսաքաղաքական առումով նախաքաոսային իրավիճակի մէջ:
Գործադիր իշխանութիւնը այսօր կազմալոյծ է, մինչ օրէնսդիր իշխանութիւնը ո՛չ միայն ցուցարարներու կողմէ արգելակուած է աշխատանքային առումով, այլ նաեւ խորհրդարանական որոշ խմբակցութիւններու պոյքոթի պատճառով:
Արդարադատութեան համակարգին կոչեր կ՛ըլլան փտածութեան, իւրացման եւ մսխումի թղթածրարները վերաբանալու եւ դատական իրաւակարգ սկսելու:
Հանրապետութեան նախագահը հանգուցալուծման ուղիներ որդեգրելու հիմնական պատնէշներու առջեւ է: Սահմանադրական ընթացակարգը կասեցուած է. վարչապետի նշանակման պարտադիր խորհրդակցութիւնները տեղի չեն ունենար` համապարփակ համաձայնութեան պայմանականութեամբ: Մինչ ան զրկուած է նաեւ իբրեւ պետութեան գլուխ բանակցելու բողոքարկու զանգուածներու ներկայացուցիչներուն հետ, այնքան ատեն որ ցուցարարները ներկայացնող լիազօր որեւէ մարմին կամ ներկայացուցչութիւն պաշտօնական տեսք չի ստանար:
Բանակն ու իրաւապահ մարմինները այս օրերուն հիմնական գործառոյթ կ՛իրականացնեն հասարակական կեանքին բնականոնացման նպաստելու. այլ խօսքով, ճամբաներու կամ քաղաքացիներու ազատ տեղափոխման արգելքները նուազագոյն բրտութեան կիրարկումով վերացնելու:
Հասարակական առումով ճիգ կայ կեանքը բնականոնացնելու. դպրոցներու եւ դրամատուներու վերաբացումը այդ ճիգին առարկայացման դրսեւորումն է. դրամատուները կ՛աշխատին սահմանափակ դրոյթով, մինչ կրթական կեանքին առնչուածները վստահ չեն, որ կրնան բոլորել ուսումնական տարեշրջանը:
Ֆինանսական մակարդակի վրայ լիբանանեան թղթոսկիով դրամական շրջանառութեան պարտադիր թափ տալը շուկայի ապասառեցման կը միտի, մինչ արտարժոյթի, յատկապէս ամերիկեան տոլարի պաշտօնական եւ շուկայական գիներու տարբերութիւնը հետզհետէ կը շեշտուի:
Ցուցարար զանգուածը համախմբման կոչերով պարագայական գործողութիւններ կը կազմակերպէ` համոզում տարածելով, որ շարժումը նոր թափ հաւաքելու եւ նոր մակընթացութիւններ ձեւաւորելու կը նախապատրաստուի:
Միջազգային առումով ցոյցերուն կը տրուի աշխարհաքաղաքական տարողութիւն եւ տարածաշրջանային ցոյցերուն մէկ օղակի հանգամանք կը տրուի Լիբանանի իրադարձութիւններուն, յատկապէս իրանաամերիկեան հակամարտութեան շրջագիծին մէջ ընկալելու գետնի վրայ արձանագրուածները:
Այս խորապատկերին վրայ Լիբանան կը նշէ իր անկախութեան 76-րդ տարեդարձը: Կը ծագին հարցադրումներ, թէ ո՞ր կողմին առաջադրած նուիրականացուցածը նպաստաւոր են անկախութեան եւ գերիշխանութեան պահպանման: Երկրին ամբողջ համակարգը կտրուկ փոփոխութեան ենթարկել ուզողներո՞ւնը, թէ՞ բարեկարգչական ծրագիրի որդեգրումով քայլ առ քայլ այդ առաջադրանքի իրականացման կողմնակիցները:
Անկախութիւնը բարձրագոյն արժէք է. անոր պահպանումը` գերակայ սկզբունք. խնդիրը ճամբաբաժաններէն հիմնական մայրուղիի ազդանշանին հետեւիլն է: Հետեւաբար բոլորս, այսինքն բոլորս պիտի լծուինք անկախութեան եւ գերիշխանութեան պահպանման գործին: