
109 Տարեկանին Մահացած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը Վերապրած Գոյնա Մարկոսեանը
Մահացած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը վերապրած, մազապուրծ եղած եւ Հայաստանի մէջ ապրող փոքրաթիւ մարդոցմէ եւս մէկը: 109 տարեկանին կեանքէն հեռացած է Գոյնա Մարկոսեանը: Ան ծնունդով Կարսէն էր, ընտանիքին հետ Արեւելեան Հայաստան տեղափոխուած էր 1915 թուականին։ Այս մասին կը հաղորդէ «Շանթ Նիուզ»-ը։
Կենդանութեան օրօք ծեր կինը պատմած էր, որ 1915-ին ընտանիքը որոշած է լքել ծննդավայրը՝ կոտորածէն խուսափելու համար: Մակոյկով անցած են Ախուրեան գետն ու գաղթածլ Արեւելեան Հայաստան: Իրենց խումբի անդամներուն մէկ մասը խեղդուած է Ախուրեանի ջուրերուն մէջ:
Յետոյ Գոյնա Նազարէթեան- Մարկոսեան այլ երեխաներու հետ յայտնուած է Գիւմրիի որբանոցը: Անկէ ետք ամուսնացած է ու ապրած Արագածոտնի Թաթուլ գիւղին մէջ: